Որոնել

«Ոսկէ Ծիրան»ը պիտի սկսկի 7 Յուլիսին «Ոսկէ Ծիրան»ը պիտի սկսկի 7 Յուլիսին 

«Ոսկէ Ծիրան»ը պիտի սկսկի 7 Յուլիսին

Համատեղ մամուլի ասուլիսին ընթացքին, կազմակերպիչները լրագրողներու ներկայացուցին փառատօնի այս տարուան պաշտօնական պաստառը

ԵՐԵՒԱՆ.- Ամրան ընթացքին հայաստանեան մշակութային կեանքը պիտի աշխուժանայ սպասուած եւ նշանաւոր իրադարձութեամբ մը. 7 Յուլիսին պիտի սկսի 16րդ «Ոսկէ Ծիրան»ը: Ըստ «ՓանԱրմինիըն»ի՝ Հայաստանի մէջ սիրուած եւ նաեւ երկրի սահմաններէն դուրս լայն ճանաչում գտած այս բացառիկ փառատօնին սկիզբը 12 Յունիսին ազդարարեցին «Ոսկէ Ծիրան» միջազգային փառատօնը, Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը ու փառատօնի գլխաւոր գործընկեր «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»ը:

Համատեղ մամուլի ասուլիսին ընթացքին, կազմակերպիչները լրագրողներու ներկայացուցին փառատօնի այս տարուան պաշտօնական պաստառը, ինչպէս նաեւ անդրադարձան սպասուող ձեռնարկներուն:

«Այս տարի փառատօնը ենթարկուած է որոշ փոփոխութիւններու, որովհետեւ փոխուած է փառատօնի ղեկավար կազմը: Փառատօնի կազմը համալրած են երիտասարդներ, որոնք մեծ պատասխանատուութեամբ կը պատրաստուին 16րդ «Ոսկէ Ծիրան»ին եւ կ՛ընեն ամէն ինչ՝ զայն իսկապէս տօն դարձնելու համար: Փոփոխութիւններ եղած են նաեւ գերատեսչութիւններու մէջ. տեղի ունեցած է նախարարութիւններու միաւորում, եւ այսուհետեւ մենք պիտի համագործակցինք կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան հետ: Չէ փոխուած մեր գլխաւոր գործընկերը՝ «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»ը: Ընկերութիւնը արուեստի, յատկապէս շարժապատկերի եւ «Ոսկէ Ծիրան»ի նուիրեալներէն է, որուն համար մենք շատ ուրախ ենք եւ շատ շնորհակալ մեր փառատօնի լաւագոյն բարեկամին», իր խօսքին մէջ ընդգծեց «Ոսկէ Ծիրան» միջազգային փառատօնի հիմնադիր նախագահ Յարութիւն Խաչատրեան:

«Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»ը մեծ կարեւորութիւն կու տայ մշակութային կեանքին, մասնաւորապէս ազգային շարժապատկերի ոլորտին, Հայաստանի մէջ անոր աշխուժացման ու զարգացման: Տարիներ շարունակ «Ոսկէ Ծիրան» փառատօնի միջոցաւ մեր ընկերութիւնը կանգնած է շարժապատկերի գործիչներու կողքին: Շարժապատկերի արուեստի զարգացման կարեւոր խթան ըլլալուն կողքին, փառատօնը հսկայական աշխատանք կը տանի աշխարհի քարտէսին վրայ Հայաստանը իբրեւ հարուստ մշակոյթ ունեցող երկիր ներկայացնելու գործին մէջ», յայտնեց «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեան:

Միջազգային փառատօնը աշխարհի զանազան երկիրներէ ստացած է առաւել քան 740 թեկնածու ֆիլմեր, նաեւ ընտրուած են շարք մը շարժապատկերներ աշխարհի հեղինակաւոր փառատօներէն՝ Քաննէն, Պերլինէն եւ Ռոթերտամէն:

Փառատօնը պիտի ունենայ միջազգային երկար (խաղարկային եւ վաւերագրական), ինչպէս նաեւ կարճ ֆիլմերու տարածաշրջանային մրցումներ, իսկ արտամրցութային ծրագիրը պիտի ներառէ «Տարածաշրջանային համայնապատկեր» մրցումը: Մնացած ծրագիրները ոչ-մրցութային են. անոնք են՝ «Երեւանեան փրեմիերաներ», «Յետահայեաց ցուցադրութիւններ» եւ «Յարգանքի տուրք»:

«Ոսկէ Ծիրան»ը այս տարի ունի նաեւ նոր տարբերանշան, որ կ՛արտայայտէ փառատօնի նոր կազմին ինքնատիպ մօտեցումը 16րդ տարին ըլլալով տեղի ունեցող իրադարձութեան: Անիկա կը ներկայացնէ հայերէն «Ծ» տառը: Այդ տառին միջոցով նշանակին (logo) հեղինակը փորձած է ստանալ փառատօնի խորհրդանիշ համարուող ծիրանը:

Քաղուած «Ասպարէզ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/06/2019, 08:18