Որոնել

Շահան Արք Սարգիսեան Շահան Արք Սարգիսեան 

Հալէպահայութիւնը հրաժեշտի հանդիպում ունեցաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի առաջնորդին հետ:

Հայ կաթողիկէ համայնքին եւ Պետրոս արք. Միրիաթեանի կողմէ ողջոյնի խօսք արտասանեց Կոմիտաս քհնյ. Տատաղլեան։

ՀԱԼԷՊ, «Գանձասար».- Հրամանով Բերիոյ Հայոց թեմի Ազգային իշխանութեան, Ուրբաթ, 24 Մայիսի երեկոյեան, «Արամ Մանուկեան» ժողովրդային տան «Անի» ճաշասրահին մէջ հրաժեշտի հանդիպում մը տեղի ունեցաւ ի պատիւ Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանի։
Ի յարգանս սրբազան հօր տասնհինգ տարիներու նուիրեալ, բեղուն աշխատանքին, հրաժեշտի հանդիպումին ներկայ էին Հալէպի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսութեան Հայաստանի մարդասիրական խումբի ներկայացուցիչ գնդապետ Արկատի Տօնոյեան, Հայ աւետարանական համայնքի պետ վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեան, Հայ կաթողիկէ համայնքի ներկայացուցիչ Կոմիտաս քհնյ. Տատաղլեան, Բերիոյ Հայոց թեմի ազգային մարմինները, հալէպահայ կազմակերպութիւններու, միութիւններու, կրթական հաստատութիւններու, հայրենակցական միութիւններու, բարեսիրական հիմնարկներու ներկայացուցիչները եւ հոգեւորականաց դասը:

Բացման խօսքով Ազգային Երեսփոխանական ժողովի ատենադպիր Սիլվա Ճապաղջուրեան բարի գալուտ մաղթեց ներկաներուն եւ լուսարձակի տակ առաւ Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդին վաստակը եւ ծառայութիւնը, բարի երթ մաղթելով առաջնորդ սրբազանին իր նուիրեալ առաքելութեան մէջ:

Այնուհետեւ կատարուեցաւ հանդիպման բացումը եւ ներկաները հրաւիրուեցան հիւրասիրութեան եւ մտերմիկ զրոյցի:

Հայ կաթողիկէ համայնքին եւ Պետրոս արք. Միրիաթեանի կողմէ ողջոյնի խօսք արտասանեց Կոմիտաս քհնյ. Տատաղլեան։

Ապա Կոմիտաս գերապայծառին եւ Հայ կաթողիկէ համայնքին անունով՝ իբրեւ յիշատակ անմոռացութեան առաջնորդ սրբազան հօր յանձնեց յուշանուէր մը՝ Ս. Պատարագի արծաթեայ սկիհ մը՝ արտասանելով հետեւեալը. «Յիշեսցիր զմեզ առաջի, Անմահ Գառն Աստուծոյ», իսկ սրբազանը պատասխանեց. «Յիշեալ լիցիք» ու շնորհակալութիւն յայտնեց:

Այնուհետեւ իր սրտի խօսքը արտասանեց Հայ աւետարանական համայնքի համայնքապետ վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեան: Վերապատուելին ըսաւ. «Գերշնորհ սրբազան հօր անցնող 15 տարիներուն մատուցած ծառայութիւնը իր դրոշմը թողուց ոչ թէ միայն Բերիոյ Հայոց թեմի ազգային շրջագիծին մէջ, այլ հալէպահայութեան համընդհանուր կեանքին մէջ: Սրբազան հայրը իր տիպարով եւ կենցաղով օրինակ ծառայեց բոլոր եկեղեցականներուն եւ այսօր, կարելի է ըսել, որ բնական տարիներ չէին անցնող յատկապէս վերջին եօթը-ութ տարիները: Այդ տարիներուն սրբազան հօր հետ մենք բաժնեկցեցանք մեր ուրախութիւնն ու տագնապը, բաժնեկցեցանք մեր մարտահրաւէրները, միասնաբար կրեցինք ամէն ցաւ, կսկիծ, երբեմն այն դժբախտութիւնները, որոնք մեր կամքէն անկախ մեր առօրեան ներխուժեցին: Այս բոլորին հետ մէկտեղ, սրբազան հայրը իր հաւատքը պահեց, բոլորանուէր ծառայութիւնը շարունակեց՝ դառնալով հեզահամբոյր ներկայութիւն, եւ իր ողջմիտ, մշակութասէր, ազգասէր, բարեգութ սիրտին ու միտքին թելադրութեամբ դրական ներդրում ունեցաւ մեր ազգային կեանքին եւ տոկունութեան օրինակ ծառայեց տագնապահար ժողովուրդին»:

Ապա վերապատուելին համայնքին կողմէ յուշանուէր մը յանձնեց առաջնորդ սրբազան հօր:

Հանդիպումը շարունակուեցաւ բարի մաղթանքներու փոխանակումով:

Դասական երաժշտութեան ընտրեալ կտորներ նուագելով՝ ջութակահար Ռոզի Շուշանեան ջերմ մթնոլորտ ստեղծեց ու բարեմաղթութիւնները համեմեց սիրոյ եւ երախտագիտութեան երանգներով:

Կազմակերպիչ կողմին՝ Բերիոյ Հայոց թեմի Ազգային իշխանութեան տպաւորիչ խօսքը արտասանեց Ազգային երեսփոխանական ժողովի անդամ դոկտ. Հուրի Ազէզեան, հրաւիրեալներու մտահորիզոնին վրայ անգամ մը եւս ուրուագծելով անցնող տարիներու ազգային կեանքի տագնապալից ու հպարտալից դէպքերն ու հալէպահայութեան միասնական ոգին:

Դոկտ. Ազէզեան ըսաւ. «Յանուն սուրիահայութեան, մեր որդիական շնորհակալութիւնը եւ անվերապահ երախտագիտութիւնը կը յայտնենք Թեմի Գաւազանագիրքին 61րդ առաջնորդին՝ Գերաշնորհ Տ. Շահան Սրբ. Արք. Սարգիսեանին, որ անցնող տասնհինգ տարիներուն ամբողջական նուիրումով, յառաջահայեաց մօտեցումով, օրինակելի յանձնառութեամբ եւ որակական նպատակասլաց ըմբռնումով հովուեց իր հօտը:

«Այսօր, հրաժեշտի այս ոգեխանձ պահուն, մեզի կը մնայ ըսել՝ վարձքդ կատա՛ր, վաստակդ արդա՛ր, աիրելի Շահան սրբազան, վստահաբար յառաջիկայի ձեր գործունէութիւնները պիտի իրագործէք ձեզի վայել նոյն պիրկ կամքով եւ անխախտ հաւատքով»:

Ապա դոկտ. Ազէզեան հրաւիրեց Ազգային երեսփոխանական ժողովի ատենապետ Տարօն Մակարեանը՝ Ազգային իշխանութեան յուշանուէրը յանձնելու առաջնորդ սրբազան հօր:

Հանդիպումին աւարտին, Շահան արք. Սարգիսեան իր երախտագիտութեան խօսքը ուղղելով հրաւիրեալներուն եւ հանդիպումը կազմակերպող Ազգային իշխանութեան՝ ըսաւ. «Այս պահը իմ կեանքին մէջ հանգրուան մը բոլորած ըլլալու ուրախութեան պահն է: Ընդհանրապէս ընկերային կեանքին մէջ մեկնում նաեւ կը նշանակէ կատարուած ծառայութեան մը աւարտ, որ նաեւ տխուր երանգ մը կ՛ունենայ իր մէջ: Ամենակալին փառք եւ գոհութիւն կը յայտնեմ, որ զիս արժանի դարձուց իր եկեղեցւոյ սպասաւորը ըլլալու եւ իմ ծառայութեան բաժինս բերելու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ճամբով Բերիոյ Հայոց պատմական թեմէն ներս, ուր իմ ծննդավայրիս յիշատակները, իմ հարազատները, բարեկամներս եւ ննջեցեալ սիրելիներս միասնաբար կը տողանցեն այս պահուն իմ աչքերուս առջեւ:

Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ձեզի, որ ներկայ էիք մեր կեանքին մէջ եւ վստահ եմ որ ներկայ պիտի ըլլաք նաեւ յառաջիկայ տարիներուն»:

Ապա առաջնորդ սրբազան հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց Արամ Ա. վեհափառին, Սուրիոյ նախագահ տոքթ. Պաշշար Ասատին, Սուրիոյ մէջ գործող պետական եւ բոլոր պատասխանատուներուն, քրիստոնէական համայնքներուն եւ համայնքապետներուն, իսլամ հոգեւոր առաջնորդներուն եւ պատասխանատուներուն, սուրիացի քաղաքացիներուն, մասնաւորաբար սուրիահայ համայնքի զաւակներուն:

Սրբազան հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ գերապայծառին եւ վերապատուելիին յուշանուէրներուն համար, ինչպէս նաեւ Ազգային իշխանութեան՝ այս երեկոն կազմակերպելուն համար:

Ապա ներկաները յիշատակի լուսանկարներով անմահացուցին պահը:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/06/2019, 09:45