Որոնել

Մեսրոպեան Վարժարան Մեսրոպեան Վարժարան 

Մանկական քաղցկեղի վերաբերեալ գիտակցութեան զարգացման օր:

Նախաձեռնութիւնը տեղի ունեցաւ գործակցաբար Chance (CHildren AgaiNst CancEr) կազմակերպութեան:

28 Մարտ 2019-ին, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանին մէջ կայացաւ մանուկներու քացղկեղի վերաբերեալ գիտակցութեան զարգացման օր, որուն ընթացքին մեր աշակերտներուն փոխանցուեցան անհրաժեշտ նախնական գիտելիքներ` այս հիւանդութեան կանխանշաններուն եւ ձեռնարկուելիք շտապ քայլերուն մասին:

Նախաձեռնութիւնը տեղի ունեցաւ գործակցաբար Chance (CHildren AgaiNst CancEr) կազմակերպութեան, որուն նպատակն է օժանդակել քաղցկեղով հիւանդ մանուկներուն եւ անոնց հարազատներուն` նիւթապէս եւ բարոյապէս, ինչպէս նաեւ հանրութեան մէջ ընդլայնել իրազեկումը` այս հիւանդութեան վերաբերեալ:

Այս առիթով, Մեսրոպեանի աշակերտները` մանկամսուրէն մինչեւ բարձր դասարաններ եւ արուեստից վարժարան, իրենց դրամական նուէրները փոխանցեցին կազմակերպութեան: Առաւել, նախակրթարանի եւ միջնակարգի աշակերտները ձեռային աշխատանքներով կազմեցին մանուկներու քաղցկեղի դէմ պայքարի խորհրդանիշը, որ տեղադրուեցան դպրոցի ցուցատախտակներէն մէկուն վրայ:

 

Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/03/2019, 08:17