Որոնել

Հայեր Հայեր 

Հայաստանը 2018-ին ժողովրդավարութեան զգալի յառաջընթաց արձանագրած երկիրներէն է. «Freedom House»։

Տարածաշրջանին մէջ Հայաստանի հետ միասին նաև Վրաստանը «մասամբ ազատ» երկիրներու շարքին մէջ է

«Freedom House» կազմակերպութիւնը հրապարակած է աշխարհի մէջ ժողովրդավարական զարգացումներուն նուիրուած «Freedom in the World» զեկոյցը, ուր անդրադարձ կայ նաեւ Հայաստանին: «Արմենփրես»-ի հաղորդմամբ, զեկոյցին մէջ Հայաստանը դասուած է “Մասամբ ազատ” այն երկիրներու շարքին, որոնք 2018 թուականին զգալի յառաջընթաց արձանագրած են ժողովրդավարութեան առումով:

Զեկոյցին մէջ կը նշուի, որ նախորդ տարի Հայաստանի մէջ բազմաթիւ քաղաքացիներ դուրս եկած էին փողոց այդ ժամանակուան իշխանութիւններուն դէմ բողոքի ցոյցերով: Կը նշուի, որ շարունակուող բողոքի ցոյցերը յանգեցուցին խորհրդարանի կողմէ վարչապետ ընտրուած Սերժ Սարգսեանի հրաժարականին, որու արդիւնքով շարժումը գլխաւորող Նիկոլ Փաշինեանը դարձաւ վարչապետ: «Ամիսներ անց, երբ Դեկտեմբերին տեղի ունեցան արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ, Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած «Իմ քայլը» դաշինքը յաղթեց: Խորհրդարանական մեծամասնութիւնը խոստացած է աջակցիլ փտածութեան դէմ պայքարին, թափանցիկ աշխատելաոճին, հաշուետուողականութեան»,-ըսուած է զեկոյցին մէջ:

Տարածաշրջանին մէջ Հայաստանի հետ միասին նաև Վրաստանը կը գտնուի «մասամբ ազատ» երկիրներու շարքին մէջ, իսկ Թուրքիան, Իրանը և Ատրպէյճանը, ինչպէս նաև Ռուսիան, կը դասուին «ոչ ազատ» երկիրներու շարքին:

2018 թուականին ժողովրդավարութեան առումով յառաջընթաց արձանագրած երկիրներէն են նաեւ Անկոլան, Էկուատորը, Եթովպիան, Մալայզիան: Դիտարկուած 195 երկիրներու շարքին ազատութեան առումով ամենաբարձր գնահատականը ստացած են Նորվեգիան, Շուէտը, Ֆինլանդիան, ամենաանազատներն են Սուրիան, Հարաւային Սուտանը, Թուրքմէնսիտանը, Հիւսիսային Քորէան, Տաճիկստանն ու Ուզպեքիստանը:

Քաղուած «Եռագոյն»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/02/2019, 13:14