Որոնել

Եկեղեցւոյ մը լուսանկար Եկեղեցւոյ մը լուսանկար 

Թուրքիոյ մէջ նոր եկեղեցի մը պիտի կառուցուի:

Նոր եկեղեցւոյ շինարարական աշխատանքները պիտի տեւեն երկու տարի:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Թուրքիոյ մէջ 1923 թուականէն ետք, առաջին անգամուան համար պիտի կառուցուի նոր եկեղեցի մը: Այս մասին յայտարարած է Պաքիրքոյ քաղաքի քաղաքապետ՝ Պուլենթ Քերիմողլուն, Ասորի Օրթոտոքս եկեղեցւոյ Մեթրոպոլիթ Եուսուֆ Չեթինի հետ ունեցած հանդիպումէն ետք ՝լրագրողներու հետ ունեցած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին:

Նոր եկեղեցւոյ շինարարական աշխատանքները պիտի տեւեն երկու տարի: Ան պիտի կառուցուի Աթաթուրք միջազգային օդակայանէն ոչ հեռու՝ Եսիլքոյ շրջանին մէջ: Եկեղեցւոյ մէջ կարելի պիտԻ ըլլաԼ հիւրընկալել աեւի քան 700 հաւատացեալներ:

Նոր եկեղեցւոյ կառուցման լուրը իրականութեան մէջ յայտարարուած էր 2015-ին, այն ժամանակուան թուրքիոյ վարչապետ Ահմետ Տաւութողթուղի կողմէ, Թուրքիոյ մէջ կրօնաին փոքրամասնութիւններուն ներկայացուցիչներուն հետ ունեցած հանդիպումի մի ընթացքին:

Յայտնենք թէ Թուրքիոյ մէջ Ասորի օրթոտոքս եկեղեցւոյ հաւատացեալներուն թիւը աճած է՝Սուրիայէն գաղթած եւ Թուրքիա ապաստան գտած գաղթականներուն պատճառաւ:

Այժմ՝ թուրքիոյ մէջ կը բնակին աւելի քան 25 հազար Ասորի քրիստոնեաներ՝մեծամասնութիւնը բնակչութիւն հաստատած են Իսթանպուլի մէջ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/01/2019, 08:53