Որոնել

Տօնածառ Տօնածառ 

«Զուարթնոց» յատուկ դաստիարակութեան կեդրոնի «Աւանդական Տօնավաճառ»ը։

Հայ կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ սրահին մէջ բացումը կատարուեցաւ «Աւանդական տօնավաճառ»-ին:

Ընկերութեան կեանքին մէջ Աստուծոյ նախախնամութեամբ աշխարհ կու գան տարբեր կարողութեամբ անհատներ, որոնք ըստ կեանքի սահմանուած կանոնի, մեր ապրած հաւաքական կեանքին մաս կը կազմեն: Այս առումով այն անհատները, որոնք մտային նուազ կարողութիւն ունին, առաւել հոգատարութեան եւ խնամքի արժանի են, որպէսզի բնական աճով եւ զարգացումով մեծցող ու ապրող անձերու հետ քայլ պահեն եւ իրենց արժանի տեղը ունենան վայելելով ամէն տեսակի իրաւունք ու յարգանք: Ի՜նչ ուրախալի երեւոյթ է, երբ լիբանանահայ համայնքը, Լիբանանի մէջ գործող այլ համայնքներու կողքին, իր ժողովուրդին համար «Զուարթնոց» յատուկ դաստիարակութեան կեդրոնին ճամբով կ՛ընձեռէ այնպիսի ծառայութիւններ, որոնք յատուկ կերպով կ’օժանդակեն տարբեր հոգեկան աշխարհով, մտածելակերպով եւ տեսքով անհատներու դաստիարակութեան: Այս կեդրոնը այն ապահով միջավայրն է, ուր կը մեծնան յատուկ կարիքներ ունեցող անհատները, եւ հոն անոնց կը ջամբուի նաեւ հայեցի դաստիարակութիւն:

Տօնական այս օրերուն, երբ իւրաքանչիւր անձ կը տենչայ ուրախութեան նախաձեռնութիւն կազմակերպել իր ընտանեկան յարկին տակ, Հայ համայնքի ընկերային ծառայողներու միութեան «Զուարթնոց» յատուկ դաստիարակութեան կեդրոնն ալ «Աւանդական տօնավաճառ»-ով իր կարգին ուզեց մասնակից դառնալ իւրաքանչիւր անհատի ուրախութեան եւ լաւագոյն բարեմաղթութիւններ փոխանցել ներկաներուն:

Յիշարժան օր մըն էր շաբաթ, 15 դեկտեմբեր 2018-ն: Կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Հայ կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ սրահին մէջ, հովանաւորութեամբ Անի Կիտանեանի եւ «Զուարթնոց» կեդրոնի առաքելութեան հաւատացող հայորդիներու, բացումը կատարուեցաւ «Աւանդական տօնավաճառ»-ին: Սրահին մուտքին զետեղուած յատուկ սեղանի մը շուրջ «Զուարթնոց» կեդրոնի աշակերտները տօնական երաժշտութեան ընկերակցութեամբ տնային -խոհանոցային առարկաներով նուագակցեցան եւ բարի գալուստ մաղթեցին ներկաներուն: Այնուհետեւ բացման ժապաւէնը կտրեցին Անի Կիտանեան, Պէյրութի հայ կաթողիկէ պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեան եւ «Զուարթնոց» կեդրոնի տնօրէն Վարդի Օհանեան- Գէորգեան:

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք բացման եւ բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ «Զուարթնոց» կեդրոնի տնօրէն Վարդի Օհանեան-Գէորգեան: Ան գնահատեց ներկաները, որոնք եկած էին «Զուարթնոց» կեդրոնի աշակերտներու գուրգուրոտ ձեռքերով պատրաստուած այս հաւաքածոն քաջալերելու: Ան ասիկա երաշխիք նկատեց աւելի խորանալու կեդրոնի առաքելութեան մէջ եւ միասնաբար դիմագրաւելու նոր մարտահրաւէրները: Վարդի Օհանեան-Գէորգեան նշեց, որ հակառակ երկրին մէջ տիրող ընկերային եւ տնտեսական ծանր պայմաններուն, դարձեալ յաջողեցան իրականացնել այս աւանդական հաւաքը, որ կը նպատակադրէ ապահովել յատուկ կարիքներ ունեցող աշակերտներու հիմնական իրաւունքները, որոնք մեր ընկերութեան անբաժան մասնիկն են: Ապա ան անդրադարձաւ նոր նստավայրի կառուցման ու վերանորոգման աշխատանքներուն եւ յայտնեց, որ աշխատանքները բնականոն ընթացքի մէջ են, եւ իրենք յոյսով են, որ յաջորդ հանդիպումը տեղի կ՛ունենայ նոր կեդրոնին մէջ:

Ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց տօնավաճառի հովանաւոր Անի Կիտանեանին, որ իր կեդրոն այցելութեամբ սրտակցութիւն յայտնեց իւրաքանչիւր անդամի: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Հայ կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան, որ սիրայօժար տրամադրած էր սրահը:

Սրտի եւ օրհնութեան խօսք արտասանեց Պէյրութի հայ կաթողիկէ պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեան: Ան այս տօնավաճառին պատկերը նկատեց շատ գեղեցիկ. համախմբուած են բարի մարդիկ, որոնք եկած են սպասաւորելու  իրենց խօսքով ու գործով անոնց, որոնք պէտք ունին մեր օգնութեան: Ապա Գէորգ եպս. Ասատուրեան խօսեցաւ Ծնունդի խորհուրդին մասին եւ յայտնեց, որ Յիսուս աշխարհ եկաւ եւ տուաւ բարութեան, խաղաղութեան եւ ողորմութեան պատգամը: Ապա ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր կազմակերպիչներուն, պատասխանատուներուն, որոնք նուիրումով իրենց ժամանակը կը յատկացնեն այս բարի մանուկներուն, որոնք այս բարիքին պէտք ունին: Ան այս աշխատանքը «աղօթք» որակեց, որովհետեւ աղօթքը աղաղակ չէ միայն, այլ նաեւ գործ է: Դուք եկած էք գործելու եւ բարի օրինակ ըլլալու անոնց, որոնք պէտք ունին:

Տօնավաճառին ընթացքին ցուցադրուեցան «Զուարթնոց» յատուկ դաստիարակութեան կեդրոնի աշակերտներուն ձեռային աշխատանքները, գծագրութիւնները, տօնական զարդեղէններ, ուտեստեղէններ (զանազան հաստատութիւններու կողմէ տրամադրուած) եւ անուշեղէններ:

Տօնավաճառին այցելուներն ու գնահատողները այս ձեւով ժպիտ մը ուրուագծեցին «Զուարթնոց» կեդրոնի տնօրէնութեան ու աշակերտներու դէմքերուն եւ ստացան այն երաշխիքը, որ իրենք անտեսուած չեն: Անոնք մնայուն գնահատանքի ու քաջալերանքի արժանի են, եւ շնորհակալ աշխատանք կը կատարուի այս կեդրոնին մէջ:

Քաղուած «Ազդակ»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/12/2018, 09:00