Որոնել

Մեսրոպեան Վարժարանի աշակերտներ Մեսրոպեան Վարժարանի աշակերտներ 

Մեսրոպեանը ամբողջ մէկ շաբաթ շնչեց ու ապրեցաւ Ս Ծննդեան Խորհուրդներով։

Սուրբ տօներուն նախորդած շաբթուան ընթացքին, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի մեծ ընտանիքը` մասնակիցը դարձաւշարք մը ձեռնարկներու

Սուրբ տօներուն նախորդած շաբթուան ընթացքին, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի մեծ ընտանիքը` աշակերտներով, ուսուցիչներով եւ ծնողներով, մասնակիցը դարձաւ երկար շարք մը ձեռնարկներու, որոնք յագեցած էին ուրախութեան, յոյսի, սիրոյ եւ հաւատքի ապրումներով զորս Մեծ Աւետիսը կը պարգեւէ բոլոր ճշմարիտ քրիստոնեաներուն:

Մանկամսուրի եւ մանկապարտէզի մեր փոքրիկներուն համար այդ շաբաթը եղաւ ժամանակը` Սուրբ Ծննդեան թեմաներով աշխատանքներ կատարելու, երգեր սորվելու, գիտելիքներ ձեռք բերելու եւ անշուշտ Կաղանդ պապայի այցով եւ բերած նուէրներով ուրախանալու: Այս տարի եւս օրինակելի բծախնդրութեամբ պատրաստուած էր մանկապարտէզի “Կենդանի Մսուրը”, որուն ներկայ եղան մեծաթիւ ծնողներ` իրենց քաջալերանքով նաեւ ամրապնդելու համար հաւատքը մեր փոքրիկներուն մէջ:

Սուրբ Ծննդեան պատարագը յատկանշուեցաւ մանաւանդ աշակերտներու մասնակցութեամբ. անիկա տեղի ունեցաւ ծայրէ ի ծայր լեցուն Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ, ուր տեղի սղութեան հարկադրանքով բարձր դասարաններու աշակերտները իրենց գիրկերը առին կրտսեր դպրոցականները: Պատարագիչ քահանան` Արժ. Տէր Ռաֆֆի Յովհաննէսեան ստեղծեց աղօթքի եւ խորհրդածութեան միասնացած մթնոլորտ, ուր  իրենց ապրումները բարձրաձայնեցին աշակերտներ եւ ուսուցիչներ: Կատարուեցաւ գոհաբանական աղօթք` Մեսրոպեան վարժարանի հիմնադրութան 80-ամեակին առիթով: Մինչ այս` նախորդած շաբթուան ընթացքին տեղի ունեցած էին աշակերտներու խոստովանանքն ու մկրտութեան խոստումի վերահաստատման արարողութիւնը:

Յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով, եւ հակառակ տեղացող անձրեւին, կատարուեցաւ Յիսուս Մանուկի Մսուր փոխադրութեան արարողութիւնը. Տէր Ռաֆֆիի առաջնորդութեամբ եւ ընկերակցութեամբ Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան ծառայող վարդապետ Հայր Ղազար Պետրոսեանի, թափօրը ուղղուեցաւ դէպի Մեսրոպեանի շրջափակի կեդրոնը գտնուող տօնածառը, անոր տակ պատրաստուած Մսուրին մէջ զետեղելու համար խորհրդանիշը Մարդացած Աստուծոյն: Արարողութեան առիթով Սուրբ Ծննդեան ուղերձներ արտասանեցին ուսուցիչներ,  հնչեցին հոգեւոր երգեր` վարժարանի Ծիծեռնակ երգչախումբին կողմէ, խմբավարութեամբ պարոն Մանուէլ Քէշիշեանի:

Կաղանդ պապայի այցելութեան, այդ առիթով աւանդական հաւաքոյթին եւ նուէրներու բաշխման զուգահեռ, տեղի ունեցաւ ուտելիքներու եւ խաղերու պազար, որուն յաջողութեան համար իրենց ջանքերը միացուցին ծնողներն ու աշակերտները: Այս բոլորին նախորդած էին աշակերտներու շարք մը արտա-դպրոցական տօնական պտոյտներ եւ այցելութիւններ` կրկէս եւ թատրոն:

Սուրբ Ծնունդի տօնին նախապատրաստուելէն անմասն չմնացին նաեւ ծնողները: Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ կայացաւ Մեսրոպեանի ծնողական  հանդիպում մը, որուն ընթացքին Տէր Ռաֆֆի քահանայ Յովհաննէսեան դասախօսեց Սուրբ Ծննդեան խորհուրդին եւ իմաստին մասին` հիմնուելով սուրբ գրային վկայութիւններուն վրան:

Ուսուցիչները ի մի եկան դարձեալ աւանդական դարձած հոգեւոր զարգացման հաւաքին, որ կայացաւ Հարաւի Ժուն գիւղի յոյն կաթողիկէ Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ, որմէ ետք անոնք տնօրէնութեան կողմէ հրաւիրուեցան տօնական ագապին:

Տօներու նախօրեակին Մեսրոպեանի մէջ կայացած հոգեւոր բնոյթի բոլոր ձեռնարկները ղեկավարեց վարժարանի հոգեւոր տեսուչ Արժ. Տէր Ռաֆֆի քահանայ Յովհաննէսեան, գործակցութեամբ Հայր Ղազար Պետրոսեանի, Հայր Խաչիկ Գույումճեանի, կրօնի դասատու տիկին Սալբի Քէշիշեանի, բաժիններու պատասխանատուներուն եւ ուսուցիչներու: Տօնական ձեռնարկներու կազմակերպման  իր աշխոյժ մասնակցութիւնը բերին Ծնողական եւ Աշակերտական խորհուրդները: Ի վերջոյ, տօնական միջավայր եւ մթնոլորտ ստեղծելուն ուղղուած Մեսրոպեանի տնօրէնութեան ջանքերն ու տրամադրած միջոցները կատարելապէս արդարացուցին իրենք զիրենք` վարժարանի ընտանիքի մեծ թէ փոքր բոլոր անդամներուն հաղորդելով Սուրբ Ծննդեան խորհուրդը ներկայցնող ուրախութեան, յոյսի, սիրոյ եւ հաւատքի լիարժէք ապրումներ:

Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/12/2018, 18:00