Որոնել

Սպիտակի երկրաշարժ Սպիտակի երկրաշարժ 

Իտալիա «Սպիտակ30»։ Սպիտակի Երկրաշարժի 30-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկ։

Ձեռնարկին բնաբանն է «Սպիտակ 30 - Յիշողութիւն, զօրակցութիւն եւ երախտագիտութիւն»

Ուրբաթ 7 դեկտեմբեր 2018-ին, Սպիտակի երկրաշարժի 30-րդ տարելիցին առիթով, Հռոմի Հայ համայնքի խորհուրդը, հովանաւորութեամբ Լեւոնեան Քահանայապետական վարժարանի, Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու միաբանութեան եւ Իտալիոյ Հանրապետութեան մօտ ՀՀ դեսպանատան, երկու տարիներ առաջ կեդրոնական Իտալիան  հարուածող երկրաշարժին թիրախ դարձած Ամաթրիչէ քաղաքին մէջ,  կազմակերպած է «Սպիտակ 30 - Յիշողութիւն, զօրակցութիւն եւ երախտագիտութիւն» բնաբանով յատուկ ձեռնարկ մը։

Ձեռնարկին նպատակն է յիշատակել 30 տարիներ առաջ Հայաստանը հարուածող եւ բիւրաւոր զոհեր խլող ու աւերներ սերմանող երկրաշարժի 30-րդ տարելիցը, ապա փոխարինել այն զօրակցութիւնը որ Իտալացի ժողովուրդն ու Պետութիւնը ցուցաբերած էին հայութեան՝ 1988 ձմրան, հուսկ երախտագիտութիւն արտայայտել բոլոր անոնց որոնք՝ Սպիտակի երկրաշարժին  յաջորդող օրերուն մեկնեցան Հայաստան, մխիթարութիւն եւ սփոփանք տանելով երկրաշարժին թիրախ բնակչութեան։

Յիշատակի արարողութիւնը նախատեսուած է ուրբաթ 7 դեկտեմբեր 2018-ի առաւօտեան Ամաթրիչէ քաղաքի նորակառոյց համալիրին ներքոյ, մասնակցութեամբ Ամաթիրչէ քաղաքի քաղաքապետ՝ Տիար Ֆիլիփփօ Փալոմպինիի, Տեղական Եպիսկոպոս Գերապայծառ Տոմենիքօ Փոմփիլիի, Լեւոնեան Քահանայապետական Վարժարանի մեծաւոր՝ Հայր Նարեկ Ծ.Վ. Նաամոեանի, Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու միաբանութեան մեծաւորուհի՝ Մայր Արուսեակ Սաճոնեանի ու Իտալիոյ մօտ ՀՀ դեսպանատան ներկայացուցիչ՝ Մարիեթա Ստեփանեանի, ինչպէս նաեւ Հռոմի Հայ Համայնքի Խորհուրդի ղեկավարներուն։

«Յիշատակութեան, զօրակցութեան եւ երախտագիտութեան» արարողութեան ընթացքին Հռոմի Հայ Համայնքի ներկայացուցիչները Ամաթրիչէի քաղաքապետարանի գրադարանին պիտի նուիրեն՝ Իտալերէն լեզուով Հայերու մասին լոյս տեսած գիրքերու հաւաքածոյ մը, ապա յիշատակութեան զօրակցութեան եւ երախտագիտութեան  անուանատախտակներ պիտի յանձնեն արարողութեան ներկայ գտնուող քաղաքական ու քաղաքացիական իշխանութիւնները ներկայացնող անձնաւորութիւններուն,  որոնց շարքին  Իտալիոյ «Քաղաքացիական պաշտպանութեան» անդամներ, որոնք 1988 –ին, մաս կազմած էին Հայաստան մեկնած փրկարար ջոկատի առաքելութեան։  Յատուկ գնահատանքի պիտի արժանանայ նաեւ 1988-ին, վերոնշեալ առաքելութեան գլխաւոր ղեկավարը՝ Տիար Մասսիմօ Սիմոնելլին։

Հռոմի Հայ Համայնքի խորհուրդը յատուկ նուէր մը պիտի յանձնէ նաեւ Ամաթիրչէի մօտ գտնուող Չիթթարէալէ եկեղեցւոյ։

Ձեռնարկին իրականացումը կարելի եղաւ շնորհիւ տասնեակ իտալահայերու օժանդակութեան։

Հռոմի Հայ Համայնքի խորհուրդ

www.comunitaarmena.it

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/12/2018, 08:02