Որոնել

Իրանի մէջ երկրաշարժ Իրանի մէջ երկրաշարժ 

Իրանը հարուածած երկրաշարժի զոհերուն թիւը կը բարձրանայ

Արամ Ա Կաթողիկոսը, ցաւակցական նամակ մը յղեց Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիին:

Իրանի արեւմտեան Քերմանշահ նահանգին մէջ տեղի ունեցած երկրաշարժին պատճառով արձանագրուած զոհերուն թիւը գերազանցած է 716-ը: Երկրաշարժը զգացուած է իրանեան առնուազն 7 շրջաններու մէջ, ինչպէս նաեւ Իրաքի, Քուէյթի եւ Ազրպէյճանի մէջ:

Իրաքի Սուլէյմանիէ շրջանին մէջ արձանագրուած է 2 զոհ եւ 52 վիրաւոր:

6,3 ռիխթըր ուժգնութեամբ երկրաշարժին կեդրոնը կը գտնուէր Իրաքի սահմանամերձ հիւսիսարեւմտեան Իլամ քաղաքէն 114 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ եւ 65 քիլոմեթր խորութեան վրայ:

Երկրաշարժին պատճառով արձանագրուած են հողի սահանքներ, սակայն իրանցի պաշտօնատարներ յայտնեցին, որ շրջանի բոլոր ճամբաները կը մնան անցանելի, իսկ ելեկտրականութեան հոսանքը վերականգնուած է:

Յիշեցնենք, որ 2003-ին 6,6 ռիխթըր երկրաշարժ մը հարուածած էր Իրանի Քարման շրջանը: Այդ երկրաշարժին պատճառով արձանագրուած էր 31 հազար զոհ եւ պատմական Պամ քաղաքը հողին հաւասարած էր:

Ի լուր Իրանի մէջ տեղի ունեցած երկրաշարժին, Արամ Ա Կաթողիկոսը, ցաւակցական նամակ մը յղեց Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիին:

Ցաւակցագիրին մէջ վեհափառ հայրապետը յանուն Ս. Աթոռին եւ Իրանի հայ համայնքին իր ցաւակցութիւնը յայտնեց նախագահին, Իրանի ժողովուրդին եւ երկրաշարժի զոհերու ընտանիքներուն` աղօթելով, որ Աստուած զօրացնէ զիրենք իրենց ցաւին մէջ, ինչպէս նաեւ պահպանէ ու պաշտպանէ Իրանի ժողովուրդը:

Քաղուած «Ազդակ»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/11/2018, 08:30