Որոնել

Նախագահ Աուն ընդունեց ՌՈԱՔՕ-ի պատուիրակութիւնը։ Նախագահ Աուն ընդունեց ՌՈԱՔՕ-ի պատուիրակութիւնը։  

Նախագահ Աուն ընդունեց ՌՈԱՔՕ-ի պատուիրակութիւնը։

նախագահ Աուն շեշտեց, որ Լիբանան բազմազանութեան երկիր է

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն հինգշաբթի 15 նոյեմբերին  Պաապտայի մէջ ընդունեց  Արեւելեան եկեղեցիներու Ժողովի նախագահ կարտինալ Լէոնարտօ Սանտրին, որուն ընկերակցեցան Արեւելքի քրիստոնեաներուն օժանդակող կազմակերպութիւններու եւ խորհուրդներու ներկայացուցիչներ` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Պապական նուիրակ գերապայծառ Ժոզեֆ Սփիթերիի:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն շեշտեց, որ Լիբանան երկիր մըն է, ուր համախմբուած են մեծ թիւով համայնքներ եւ յարանուանութիւններ, ըլլան անոնք քրիստոնեայ թէ իսլամ: «Մէկ խօսքով, Լիբանան բազմազանութեան երկիր է, եւ այդ իրականութիւնը մեծ ճիգեր ու ջանք կ՛ենթադրէ` պաշտպանելու երկրին ազգային միասնականութիւնը եւ պահպանելու զայն` յարգելով բոլոր անհատներուն եւ խմբաւորումներուն խիղճը, իրենց ծէսերը կատարելու ազատութիւնն ու իրենց հաւատամքին մասին ազատ արտայայտուելու իրաւունքը: Հետեւաբար բնական է, որ ունենանք քաղաքական կուսակցութիւններ եւ տարակարծութիւններ, ինչպէս նաեւ հակասական տեսակէտներ: Բայց եւ այնպէս բոլոր լիբանանցիները համաձայն են ազգային գերագոյն շահերուն շուրջ, ինչպէս նաեւ բոլոր լիբանանցիներուն միջեւ համախոհութիւն գոյութիւն ունի` Լիբանանի անկախութիւնը յարգելու եւ Լիբանանի ազատութիւնն ու գերիշխանութիւնը պահպանելու իմաստով», հաստատեց ան:

Նախագահ Աուն նշեց, որ ինք Արեւելքի քրիստոնեաներուն մտահոգութիւնը կը բաժնէ` շրջանին մէջ անոնց ապագային գծով: Այս շրջագիծին մէջ ան Վատիկանի զօրակցութիւնը խնդրեց` Երուսաղէմին յաւելեալ միջազգային բնոյթ շնորհելու, նկատի ունենալով, որ ան կը համախմբէ միաստուածեան երեք կրօնները:

Նախագահ Աուն զգուշացուց պաղեստինցի ժողովուրդին իրաւունքը իր հողին եւ ինքնութեան իմաստով ոտնակոխ ընելու վտանգներէն: Ան հաստատեց, որ այս իրականութիւնը պիտի չդրսեւորուի խաղաղութեան հաստատումով, որովհետեւ կարելի չէ երկրի մը ու ժողովուրդի մը ինքնութիւնը եւ ապրելու իրաւունքը ջնջել:

Իր կարգին, կարտինալ Սանտրի նախագահ Աունին փոխանցեց Ֆրանչիսկոս պապին ողջոյններն ու Լիբանանի համար անոր օրհնութիւնները` հաստատելով, որ ան միշտ կ՛աղօթէ Լիբանանի խաղաղութեան եւ լիբանանցիներուն բարօրութեան համար:

Լիբանան իր այցելութեան առիթով, կարտինալ Սանտրի նախագահ Աունին յանձնեց պապին կողմէ յուշամետալ մը:

Քաղուած «Ազդակ»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/11/2018, 09:00