Ասիա Պիպին ազատ արձակուած է:
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
9 տարի բանտարկութենէ ետք, Մոհամետ Մարգարէն «վիրաւորելու» համար, անարդարօրէն մահապատիժի դատապարտուած կաթողիկէ հաւատացեալ Ասիա Պիպին ազատ արձակուած է, շնորհիւ Փաքիստանի կառավարութեան ծայրայեղ մահմետականներուն հետ կնքած համաձայնութեան ՝ վերատեսելու անմեղ կնոջ ազատ արձակուելու Փաքիստանի գերագոյն ատեանի վճիռը:
47 տարեկան Ասիա Պիպին , 5 երեխաներու մայր, 2010ին, մահապատիժի դատապարտուած է ՛ Մոհամետ Մարգարէն «վիրաւորելու» Համար:
Անցեալ 31 հոկտեմբերին, Փաքիստանի գերագոյն դատարանը ջնջած է Մոհամետ մարգարէն «վիրաւորելու» համար, 2010 թուականին մահապատիժի դատապարտուած քրիստոնեայ կնոջ` Ասիա Պիպի վճիռը:
Չորեքշաբթի, 7 նոյեմբերին Ասիա Պիպին ազատ արձակուած է ապա փոխադրուած թաքնուած վայր, անոր անվտանգութիւնը ապահովուելու համար: Այս մասին Ֆրանս Փրեսին յայտնած է Ասիա Պիպիին փաստաբանը:
«Ասիա Պիպին ազատ արձակուած է : Այժմ ան օդանաւի մը մէջ գտնուի, սակայն, ոչ ոք գիտէ անոր ժամանումին վայրը:» ըսած է Փաստաբանը:
Յիշենք, թէ իսլամականները սպառնացած էին սպաննել դատաւորները, եթէ անոնք արդարացնեն մարգարէն «վիրաւորած» քրիստոնեան:
Ասիա Պիպիին ամուսինը, Աշիք Մասիհ, իր ընտանիքին համար, Միացեալ նահանգներէն, Անգլիայէն, Քանատայէն եւ Իտալիայէն ապաստան հայցած է, Փաքիստանի մէջ՝ վտանգաւոր նկատելով իր ընտանիքի կեցութիւնը:
Փաքիստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր՝ Մուհամմատ Ֆայսալի փոխանցմամբ, Ասիս Պիպին տակաւին կը գտնուի Փաքիստանի մէջ:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ