Որոնել

Նախագահ Սարգսեան Նախագահ Սարգսեան 

Նախագահ Սարգսեան. «Յիշեցէ՛ք, որ բոլորէս եւ իւրաքանչիւրէս կախեալ է Հայաստանի ապագան»:

Գալիք ընտրութիւններուն յաջողութիւն կը մաղթեմ մասնակից բոլոր քաղաքական միաւորներուն:

Ազգային ժողովի ընտրութիւններու քարոզարշաւի մեկնարկին առիթով, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ, յղեց հետեւեալ ուղերձը`


«Սիրելի՛ hայրենակիցներ,
26 նոյեմբերին կը սկսի Ազգային ժողովի արտահերթ ընտրութիւններու քարոզարշաւը:
Այս ընտրութիւնները ապրիլ-մայիսեան մեծ փոփոխութիւններէն ետք Հայաստանի քաղաքական կեանքի կարեւորագոյն իրադարձութիւնն են, որոնց արդիւնքները շատ էական են երկրի զարգացման եւ հեռանկարներուն առումով:
Իւրաքանչիւրէս կը պահանջուին բարձր պատասխանատուութիւն եւ գիտակցութիւն` ի՛նչ պաշտօնի վրայ ալ ըլլանք, ի՛նչ կարելիութիւններ ալ ունենանք:
Ուստի կը դիմեմ պետական մարմիններուն. արժանապատուօրէն շարունակեցէ՛ք ձեր օրինական պարտականութիւններու եւ սահմանադրական պահանջներու կատարումը: Վստահ եմ, որ ազատ, հաւասար եւ օրինական ընտրութիւնները այլեւս մեր նոր պատմութեան անբաժանելի մասն են:
Կը դիմեմ ընտրութիւններուն մասնակցող քաղաքական կուսակցութիւններուն եւ դաշինքներուն. յոյս ունիմ, որ մեծագոյն պատասխանատուութեամբ մօտեցած էք ձեր քաղաքական յայտերու` խումբերու եւ ծրագիրներու ձեւաւորման: Անոնք պիտի ուղենշեն Հայաստանի հետագայ զարգացման ճամբաները:
Հաւատարիմ եղէ՛ք ձեր դաւանած արժէքներուն, միաժամանակ, յարգալից ու բարեկիրթ` իրարու նկատմամբ:
Գալիք ընտրութիւններուն յաջողութիւն կը մաղթեմ մասնակից բոլոր քաղաքական միաւորներուն:
Կը դիմեմ մեր քաղաքացիներուն. ծրագիրներու քննարկման ժամանակ եղէ՛ք պահանջատէր, լսեցէ՛ք բոլորին, որպէսզի տեղեկացուած եւ գիտակցուած ձեւով կատարէք ձեր ընտրութիւնը: Կայացուցէ՛ք ձեր որոշումը Հայաստանի զարգացման ձեր պատկերացումներուն, ձեր արժէքներուն համապատասխան:
Յիշեցէ՛ք, որ բոլորէս եւ իւրաքանչիւրէս կախեալ է Հայաստանի ապագան:
Աստուած պահապան Հայաստանի Հանրապետութեան, Արցախի Հանրապետութեան, ամբողջ հայ ժողովուրդին եւ Հայաստանի Հանրապետութեան բոլոր քաղաքացիներուն»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/11/2018, 08:01