Որոնել

Գերապայծառ Միրեաթեան Գերապայծառ Միրեաթեան  

Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ. Առաջնորդարանի թեկնածուները հանդիպեցան Հայ Կաթողիկէ Համայնքի Առաջնորդին։

Առաջնորդը շեշտելով ընտրութեան մասնակցութեան կարեւորութիւնը իր հայրական օրհնութիւնը տուաւ թեկնածուներուն:

Գանձասար- Երեքշաթբի, 11 Սեպտեմբեր 2018-ի առաւօտեան, Տեղական Ինքնակառավարման Մարմինի Հալէպի Նահանգային Խորհուրդի Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի երկու թեկնածուները հանդիպում ունեցան Հայ Կաթողիկէ Համայնքի Առաջնորդ Արհի. Տէր Պետրոս Արք.Միրիաթեանի հետ:

Առաջնորդը շեշտելով ընտրութեան մասնակցութեան կարեւորութիւնը իր հայրական օրհնութիւնը տուաւ եւ յաջողութիւն մաղթեց թեկնածուներուն:

Այնուհետեւ մեթր Մարիա Գաբրիէլեանն ու մեթր Նորա Գրաճեան-Նարկիզեանը այցելեցին Արաբ Աւետարանական Համայնքի Համայնքապետ Վերապատուելի Իպրահիմ Նսէյրին:

Համայնքապետը շնորհակալութիւն յայտնեց այցելութեան համար եւ շեշտեց, որ անհրաժեշտ է ժողովուրդին աշխոյժ մասնակցութիւնը ապահովել ընտրութիւններուն՝ հաւաքական պատասխանատուութեամբ մօտենալու Սուրիական Հայրենիքի յառաջընթացին:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/09/2018, 08:39