Որոնել

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը  

Ռայի Պատրիարքը կոչ կ՛ուղղէ կազմելու արտակարգ կացութեան կառավարութիւն մը` անկախ երեսփոխանական պլոքներէն

Լիբանանի մէջ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը սկսելուն անցած են չորս ամիսներ եւ երեսփոխանական պլոքներէն ոչ ոք կը զիջի իր պահանջներէն:

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Ազգային լրատու գործակալութեան հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին ըսաւ, թէ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը սկսելուն անցած են չորս ամիսներ եւ երեսփոխանական պլոքներէն ոչ ոք կը զիջի իր պահանջներէն: Ան այս ընթացքը որակեց ամօթալի, յատկապէս նկատի ունենալով, որ Լիբանան տակաւին նոր դուրս եկած է «Սետր»-ի խորհրդաժողովէն, ուր մեծ թիւով խոստումներ տրուած են եւ բարեկարգումի յանձնառութիւններ ստանձնուած` միջազգային ընտանիքին կողմէ Լիբանանին տրամադրուած 11 միլիառ տոլարին դիմաց:

Ռայի պատրիարքը նշեց, որ միջազգային ընտանիքը Լիբանանին հսկայական գումար տրամադրած է, մինչդեռ Լիբանան տնտեսական եւ ելեւմտական մահաքունի մէջ է, հակառակ այս մասին քաղաքական անձնաւորութիւններուն կատարած յայտարարութիւններուն:

«Նկատի ունենալով ոչ մէկ յառաջխաղացք կամ զարգացում արձանագրելու իրականութիւնը, կոչ կ՛ուղղեմ կազմելու երեսփոխանական պլոքներէն անկախ արտակարգ կացութեան սեղմ կառավարութիւն մը, որ կարողութիւն կ՛ունենայ «Սետր»-ի խորհրդաժողովին ընթացքին խոստացուած բարեկարգումները իրագործելու», ըսաւ Ռայի պատրիարքը` հաստատելով, որ իբրեւ ներկայ տագնապալի իրավիճակի լուծում, ինք կառչած կը մնայ այս ելքին:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչո՞ւ Պքերքէ քրիստոնեայ ղեկավարները չի հրաւիրեր իր մօտ եւ անոնց միջեւ համախոհութիւն գոյացնելու նախաձեռնութիւն մը չ՛առաջադրեր, Ռայի պատրիարքը ըսաւ. «Անոնք պատրաստ չեն»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/09/2018, 07:58