Որոնել

Արամ Ա Վեհափառը եւ Արցախի նախագահ Սահակեան Արամ Ա Վեհափառը եւ Արցախի նախագահ Սահակեան  

Արցախի անկախութեան 27-ամեակին առիթով Արամ Ա. Կաթողիկոսին պատգամ

«2 Սեպտեմբերին ուրիշին տրուած մեր իրաւունքին վերատիրացանք` հաւաքական հաւատքով ու վճռակամութեամբ, արեամբ ու իմացեալ մահով»

«Սիրելի՛ ժողովուրդ հայոց,

«Ազգերու պատմութեան մէջ կան թուականներ, որոնք չեն սահմանափակուիր ժամանակի ու միջոցի մէջ: Թուականներ, որոնք իրենց խորհուրդով ու պատգամով կ՛անցնին ժամանակն ու միջոցը եւ կը պատկանին յաւերժութեան: Ազգեր կ՛ապրին, կը գոյատեւեն ու կը ծաղկին խորհուրդ ու պատգամ ունեցող այդ թուականներով, տեսիլք ներշնչող, հաւատք ու կամք կրանող այդ թուականներով:

«2 սեպտեմբերը մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ, ու յատկապէս Արցախի մեր սիրելի ժողովուրդի կեանքին մէջ սովորական թուական մը չէ ու պէտք չէ դառնայ: 2 սեպտեմբերը խորհրդանիշ է Արցախի անկախութեան հռչակման: Պատմութեան ընթացքին աշխարհաքաղաքական պայմաններու դժբախտ հետեւանքով, պատմական Հայաստանի անբաժան մասը կազմող Արցախը տրուեցաւ ուրիշին: Մեր իրաւունքը տրուեցաւ ուրիշին: Մեր ժողովուրդի զաւակները` Արցախի մէջ, 2 սեպտեմբերին, ուրիշին տրուած իրենց իրաւունքին վերատիրացան, վերատիրացան մեր ժողովուրդի հաւաքական հաւատքով ու վճռակամութեամբ, վերատիրացան արեամբ, իմացեալ մահով: Արեամբ կերտուած անկախութիւնը չի կրնար տրուիլ ուրիշին, ո՛չ մէկ զիջում` Արցախի անկախութենէն: Մեր ժողովուրդի զաւակները Արցախը չգրաւեցին ուրիշներէն, ուրիշներն էին, որոնք գրաւած էին մեր ժողովուրդին սեփականութիւնը եղող իր հայրենի հողը, բռնաբարուած էր մեր ժողովուրդի ինքնորոշման եւ անկախութեան իրաւունքը:

Այսօր մեր ժողովուրդը, հազա՜ր փառք Աստուծոյ, վերատիրացած է իր անկախութեան` իր հաւատքով եւ վճռակամութեամբ: Այսօր, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մայրավանքէն, կ՛ողջունենք Արցախի մեր սիրելի ու քաջ ժողովուրդը, կ՛ողջունենք հայոց բանակը, հայոց արի բանակը: Ինծի համար անհուն ուրախութեան աղբիւր է տեսնել մեր երիտասարդ տղաքը, գիշեր ու ցերեկ Արցախի սահմաններուն վրայ մեր ժողովուրդին անկախութիւնը եւ արժանապատուութիւնը պաշտպանող: Մեր բանակին հերոս տղաքը, գերազանց մարտունակութեամբ, կը պաշտպանեն Արցախի անկախութիւնը, եւ այս գօտեպնդիչ երեւոյթը` հայոց բանակին, մեր հաւատքը աւելի կը խորացնէ, մեր կամքը աւելի կ՛ամրապնդէ, մեր ժողովուրդի ու հայրենիքին` ապագային նկատմամբ, մեր յոյսը աւելի կը պայծառացնէ:

Այսօր, մեր ժողովուրդի զաւակները` ի սփիւռս աշխարհի, մեր արի բանակին հետ պէտք է ըլլան գործնապէս եւ զանազան միջոցներով: Ես վստահ եմ, որ մեր արի բանակին զինուորները հայ ժողովուրդի մարտունակութեան ոգիով, յանձնառութեամբ Արցախի անկախութեան պաշտպանութիւնը դարձուցած են իրենց կեանքին գերագոյն նպատակը: Ես կը սպասեմ, որ նոյն մարտունակութեամբ մեր իշխանութիւնը շարունակէ իր դիւանագիտական յարաբերութիւնները Արցախի հարցին նկատմամբ: Մենք պէտք է ցոյց տանք համայն աշխարհին` մարտունակ դիւանագիտութիւն. այո՛, դիւանագիտութիւնը հիմնուած պէտք է ըլլայ աշխարհաքաղաքական պայմաններուն վրայ, պէտք է ունենայ իրեն յատուկ ճկունութիւնը, սակայն դիւանագիտական ճկունութիւնը երբեք պէտք չէ ենթադրէ որեւէ նահանջ Արցախի անկախութենէն: Կը կրկնեմ, ճկունութեան առընթեր, իրապաշտ մօտեցման առընթեր, մարտունակ դիւանագիտութիւնը ներկայ աշխարհի միջպետական յարաբերութիւններուն մէջ իր կարեւոր տեղը եւ դերը ունի:

Հայաստանի հզօրացման առընթեր, Արցախի Հանրապետութեան ամրապնդումը, անոր անկախութեան պաշտպանութիւնը մեր ժողովուրդի համահայկական օրակարգին վրայ առաջնահերթ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ:

Հետեւաբար, այս առիթով, ես անգամ մը եւս կ՛ողջունեմ Արցախի մեր սիրելի ժողովուրդը եւ կը սպասեմ, որ իւրաքանչիւր արցախցի հաւատքով, նուիրումով, քրտինքով եւ անհրաժեշտութեան պարագային իր արեամբ կապուած մնայ իր հողին, մեր պատմական հողին: Վստահ եմ, որ մեր քաջարի բանակը նոյն քաջութեամբ, նոյն յանձնառութեամբ պիտի շարունակէ պաշտպանել Արցախը նոր օրերու թշնամիներէն` համայն աշխարհին գործնապէս եւ արի կեցուածքով ըսելով, որ անկախութեան հռչակումը ժողովուրդի մը սրբազան իրաւունքն է իր հողին վրայ, իր պատմական հողին վրայ, եւ ոչ մէկ զիջում մեր ժողովուրդին սրբազան իրաւունքէն` իր անկախութենէն:

Այս առիթով ես նաեւ կ՛ողջունեմ Արցախի իշխանութիւնը` Արցախի նախագահին` Բակօ Սահակեանին իմաստուն եւ քաջարի ղեկավարութիւնը: Վստահ եմ, որ իշխանութիւն, հայոց բանակ եւ ժողովուրդ, միասնաբար, ձեռք-ձեռքի, սիրտ-սիրտի, հաւաքական հաւատքով ու կամքով պիտի շարունակեն պաշտպանել Արցախի անկախութիւնը, պիտի շարունակեն ծաղկեցնել ու հզօրացնել Արցախը: Ու վստահ եղէք, սիրելի՛ արցախցիներ, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը, սփիւռքի ժողովուրդը ձեզի հետ է, Արցախին հետ է, Հայաստանին հետ է, մեր ժողովուրդի պահանջատիրութեան հետ է:

Թող Աստուած ամուր պահէ Արցախը, թող Աստուած առաւել հզօրացնէ մեր բանակը ու Իր երկնային բարիքներով ծաղկազարդէ մեր ժողովուրդին կեանքը` ի Հայաստան, Արցախ եւ սփիւռս աշխարհի»:

 

Գարեգին Բ. Կաթողիկոս. «Գոհունակութեամբ, Ցնծութեամբ Եւ Հպարտութեամբ Լեցուած Է Մեր Հոգին»

Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոս Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան տօնին առիթով հետեւեալ շնորհաւորական ուղերձը յղած է.

«Այսօր գոհունակութեան, ցնծութեան եւ հպարտութեան զգացումով լեցուած է մեր հոգին: Ազգովին կը տօնենք 27-րդ տարեդարձը Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան, 27-րդ տարեդարձը արցախահայութեան ազատ, արժանապատիւ կեանքով ապրելու կամարտայայտութեան: Մեր մտապատկերին մէջ կը վերականգնին արցախեան գոյապայքարի դժուար տարիները:

«Առ Աստուած ապաւինելով ազգս հայոց ոտքի կանգնեցաւ պաշտպանելու իր արդար իրաւունքները հայրենի պատմական Արցախի մէջ` փաստելով, որ Հայոց ցեղասպանութեամբ հայ ժողովուրդին համար բացուած 20-րդ դարը չի կրնար մայր մտնել նոյնպիսի ոճրագործութեամբ»:

 

Հայաստանի Եւ Արցախի Նախագահները Ստեփանակերտի Յուշահամալիրին Մէջ Յարգեցին Արցախեան Հերոսներուն Յիշատակը

Աշխատանքային այցելութեամբ Արցախ գտնուող Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան 2 սեպտեմբերին Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանին հետ այցելեց Ստեփանակերտի յուշահամալիր` յարգանքի տուրք մատուցելու արցախեան ազատագրական պայքարին ընթացքին զոհուածներուն, յատկապէս` Արցախի Գերագոյն խորհուրդի առաջին նախագահ Արթուր Մկրտչեանի յիշատակին:

Լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին նախագահ Սարգսեան անդրադարձած է Արցախի անկախութեան: «Ասիկա ո՛չ միայն անկախութեան, այլ նաեւ յաղթանակի ու ապագայի նկատմամբ վստահութեան օր է: Ասիկա այն օրն է, երբ մեր ամբողջ հայ ժողովուրդը վերադարձուց հպարտութիւնը, յաղթանակի քաղցր զգացողութիւնը, վստահութիւնը` իր ուժերուն եւ ապագային նկատմամբ:

«Մեր ամբողջ ժողովուրդին համար ասիկա առաքելութեան եւ ազգային ինքնութեան օր է: Հոգիս լեցուած է հպարտութեամբ, ուրախութեամբ, սակայն այս պահուն այստեղ, այս յուշահամալիրին մէջ գտնուելով, չեմ կրնար չմտածել, թէ յաղթանակը, հպարտութիւնը, ապագայի նկատմամբ վստահութիւնը բաւական սուղ գինով ձեռք բերուած են` մարդկային լաւագոյն կեանքերով: Մեր տղաները իրենց կեանքը ի զուր չեն տուած. տուած են անոր համար, որ այս երկիրը դառնայ աւելի հզօր, որ ամբողջ աշխարհին մէջ սփռուած հայութիւնը, մեր ամբողջ հայ ժողովուրդը` Հայաստանի, սփիւռքի եւ Արցախի մէջ կարենայ կառուցել իր հպարտ, ուժեղ ու հզօր հայրենիքը», ընդգծած է նախագահ Սարգսեան:

Նոյն օրը առաւօտուն նախագահ Արմէն Սարգսեան Արցախի նախագահի նստավայրին մէջ հանդիպում ունեցած է Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանին հետ:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են հայկական երկու հանրապետութիւններուն համագործակցութեան առնչուող հարցեր: Նախագահները կարեւոր նկատած են երկկողմանի կապերու շարունակական ընդլայնումն ու խորացումը:

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/09/2018, 08:00