Որոնել

Մեսրոպեան Վարժարան Մեսրոպեան Վարժարան 

Մեսրոպեան Վարժարանի անձնակազմին վերամուտի առաջին ընդհանուր ժողով։

Պարոն Գալուստ տեղեկացուց, որ յառաջիկայ տարին կը զուգադիպի Մեսրոպեան վարժարանի հիմնադրութեան 80-ամեակին

Սեպտեմբերի 14-ին Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի անձնակազմը գումարեց իր առաջին՝ վերամուտի ընդհանուր ժողովը, Ֆարաճեան հանդիսասրահին մէջ:

Ժողովը բացուեցաւ Մեսրոպեանի հոգեւոր տեսուչ Արժ. Տէր Ռաֆֆի քահանայ Յովհաննէսեանի խորհրդածութիւններով: Տէր Ռաֆֆի, մեկնելով կոյր մարդու բժշկութեան աւետարանական հրաշքի խորհուրդէն, անհրաժեշտ համարեց, որ մանկավարժները լաւապէս գիտակցին իրենց պաշտօնին, հասկնան աշակերտներուն կարիքները, գօտեպնդեն զանոնք ինքնավստահութեամբ, օգնեն բոլորին` ամրօրէն ոտքի մնալու գիտութեան ճամբուն վրայ եւ ամենակարեւորը` արժանի ուշադրութիւն եւ հոգածութիւն ընծայեն ամենատկարներուն, որպէսզի անոնք չմնան լուսանցքի վրայ, այլ ընթանան բոլորին հետ միասին` բոլորին համար նախատեսուած զարգացման ուղիով:

Մեսրոպեանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ իր զեկոյցի առաջին մասով ընդհանուր գնահատականը կատարեց 2017-2018 տարեշրջանի գործունէութեան, դիտել տալով, որ վարժարանը պետական քննութիւններուն արձանագրեց շատ լաւ արդիւնքներ. ընդհանուր հաշւով քննութիւններուն ներկայացան բարձրագոյն եւ արուեստից վարժարաններու 124 աշակերտներ, որոնցմէ 119-ը յաջողեցան (համեմատութիւնը` 96 առ հարիւր):

Անդրադառնալով նոր տարեշրջանի նորութիւններուն, պարոն Գալուստ հաղորդեց, որ Մեսրոպեանի մէջ պիտի գործադրուի եռամեայ նոր ծրագիր մը, որուն նպատակն է արմտապէս բարեփոխել դպրոցին կրթական դրութիւնը: Ծրագրին ղեկավարն է Սեն Ժոզեֆ համալսարանի մանկավարժութեան դասախօս, ուսուցման մեթոտաբան եւ ուսուցիչներու վերապատրաստութեան մասնագէտ դոկտ.  Քոլեթ Աուն, որ պաշտօնի կոչուած է որպէս կրթական հարցերու տնօրէնի խորհրդական: Ըստ այդ ծրագրին, այս տարուընէ սկսեալ անգլերէնը պիտի ուսուցանուի մանկապարտէզի առաջին դասարանէն սկսեալ` պահպանելով հանդերձ դպրոցի ֆրանսալեզու ուղղութիւնը, պիտի դասաւանդուի նոր նիւթ մը` Կենցաղավարութիւն եւ Բարի Վարք, պիտի ամրապնդուի համակարգչային գիտութեան դասանիւթին նշանակութիւնը` բոլոր դասարաններուն պարագային, զարկ պիտի տրուի ուսուցման մէջ արհեստագիտութեան համարկումին, ինչպէս նաեւ արհեստագիտական նիւթերու եւ “ռոպոթիքս”ի ուսուցումին (գործակցաբար STEM-ի եւ Little Engineer-ի): Պիտի շարունակուի գործակցութիւնը համալսարաններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ` ուսուցիչներու վերապատրաստման, աշակերտներու զարգացման եւ ծնողներու խորհրդատուութեան մարզերուն մէջ: Պիտի շարունակեն գործել դպրոցական օրուան աւարտէն ետք ուսուցման ծրագիրները (“Պիզի Քիտզ” եւ “Փիւնիկ”), շաբաթօրեայ խմբակները, արեւելումի եւ ընկերային-հոգեբանական խորհրդատուութան գրասենեակները:

Պարոն Գալուստ տեղեկացուց, որ յառաջիկայ տարին կը զուգադիպի Մեսրոպեան վարժարանի հիմնադրութեան 80-ամեակին, որուն նուիրուած տեղի պիտի ունենան շարք մը ձեռնարկներ:

Մեսրոպեանի տնօրէնը կարեւորեց փոխադարձ յարգանքի, նախաձեռնողական ոգիի, անկեղծութեան, կարգ ու կանոնի, հետեւողականութեան, հանդուրժողականութեան, գործակցութեան եւ լայնախոհութեան առկայութիւնն ու ամրապնդումը ուսուցիչներուն մօտ, յանուն աշակերտներու լաւագոյն կրթութեան եւ դաստիարակութեան: Ան շեշտեց, որ նման պայմաններու մէջ Մեսրոպեանի անձնակազմի անդամները ի վիճակի են սպասուած արդիւքները արձանագրել, վարժարանը առաջնորդելով վերելքի ճանապարհով:

Ժողովի երկրորդ մասով, դոկտ.  Քոլեթ Աուն Մերսոպեանի ուսուցիչներուն հետ կայացուց առանձին հանդիպում մը, որուն ընթացքին հանգամանօրէն ներկայացուց կրթական բարեփոխումներուն նպատակները, առանցքային ուղղութիւններն ու գործադրութեան եղանակները:

Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/09/2018, 08:42