Որոնել

Երիտասարդներ Երիտասարդներ 

Հայ Աւետարանական երիտասարդական համաժողով Հայաստանի մէջ

Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան հարիւրամեակին առիթով

Ընթացիկ տարուայ ամռան Հայաստանը պիտի դառնայ հաւատքի եւ ուխտի կեդրոն մը, աշխարհի զանազան կողմերէ հաւաքուող եւ Հայ Աւետարանական եկեղեցիները եւ միութիւնները ներկայացնող 150-է աւելի երիտասարդներու եւ առաջնորդներու համար: Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Հարիւրամեակին առիթով կազմակերպուած սոյն «Հայ Աւետարանական Երիտասարդական Համաժողով»ը տեղի պիտի ունենայ Օգոստոս 12-16ի ընթացքին։

Աւելի քան 15 երկիրներ ներկայացնող այս երիտասարդները պիտի հաւաքուին Հայրենիք, ոմանք առաջին անգամ ըլլալով, միմիանց հետ իրենց հասարակական կապով հաղորդակցելու՝ իրենց մշակոյթով եւ ժառանգութեամբ, եւ Հայ Քրիստոնեայ երիտասարդ մը ըլլալու ինքնագիտակցութեամբ։ Անոնք պիտի այցելեն Երեւանի մէջ շարք մը արժանավայել վայրեր եւ պիտի ծանօթանան Աւետարանչականի Հայրենիքի մէջ ծաւալող կրթական եւ բարեսիրական գործունէութիւններուն։ Անոնք նաեւ առիթը պիտի ունենան այցելելու Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։

Խումբը ապա պիտի մասնակցի Աւետարանչականի «Շին-Շողիկ» ջամբարի մէջ կայանալիք չորս-օրեայ Համաժողովին, ուր պիտի ձգտին ծանօթանալ Հայ Աւետարանական Եկեղեցիի 172-ամեայ ժառանգութեան՝ գնահատելու Եկեղեցիի ներկայ իրավիճակը եւ զարգացնելու իրենց միտքերը յառաջիկայ տասնամեակներու տեսլականով։

Վերջին հանգրուանով, Համաժողովի մասնակիցները պիտի բաժնուին փոքրաթիւ խումբերու եւ մեկնին Հայաստանի մէջ քսան տարբեր ուղղութիւններով՝ ուր անոնք պիտի մասնակցին այլեւայլ ծառայածրագրերու։ Ոմանք պիտի ծառայեն մանուկներու հետ առընջուող ծրագիրներու, ուրիշներ պիտի կատարեն վերանորոգութեան եւ մաքրութեան աշխատանքներ, եւ ապա ուրիշներ պիտի այցելեն դժուարութիւններ եւ կորուստներ դիմագրաւող ընտանքիներ՝ խրախուսելու զանոնք։ Այս բոլորը՝ Քրիստոսի անաղարտ սիրոյ օրինակով եւ Հայրենի մեր եղբայրները եւ քոյրերը քաջալերելու նպատակով։

Մասնակցող երիտասարդները արդէն ոգեւորուած են Հայրենիքը ճանչնալու այս փորձառութեամբ եւ իրենց համեստ մասնակցութիւնը բերելու Հայրենիքի ի նպաստ։ Անկասկած իրենց այս ջանքերով անոնք պիտի վերադառնան իրենց տուները եւ եկեղեցիները՝ ոգեշնչուած իրենց Քրիստոնէական հաւատքով եւ աւելի խարսխուած իրենց ազգային ինքնութեան մէջ։

Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը, հիմնադրուած 1918-ին, Միացեալ Նահանգներու Մէսէչուսէց Նահանգի Ուսթըր քաղաքին մէջ, երկնուեցաւ Հայ ժողովուրդի ամենադժուար օրերուն, օգնելու մեր հայրենակիցներուն, վերականգնելով անոնց կեանքը ցեղասպանութեան եւ տեղահանութեան յաջորդող օրերուն։ Աւետարանչականը դարձած է Համաշխարհային Քրիստոնէական կազմակերպութիւն մը, թիկունք կանգնելու  Հայ Աւետարանական Եկեղեցիի գործունէութիւններուն, սատարելու Հայրենիքի եւ Սփիւռքի հայութեան հոգեւոր եւ ֆիզիքական վերելքին, ինչպէս նաեւ այլոց որոնք յատուկ կարիքներ ունին։

Քաղուած «Հայերն Այսօր»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/07/2018, 08:08