Որոնել

Santo Sepolcro Gerusalemme Santo Sepolcro Gerusalemme 

Տեղի կ՝ունենայ Երուսաղէմ փոխադրուած Ամերիկեան դեսպանատան բացումը

Նախատեսուած է, որ նախագահ Թրամփ դեսպանատան բացման արարողութեան ընթացքին տեսակապով ուղերձ մը յղէ:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի դուստրը` Իվանքա Թրամփ եւ անոր ամուսինը` Ճարետ Քուշներ, որոնք երկուքն ալ Սպիտակ տան բարձրաստիճան խորհրդականներ են, երէկ՝ կիրակի, 13 մայիս 2018-ին, հասան Իսրայէլ` մասնակցելու համար Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան Երուսաղէմի մէջ բացումի արարողութեան:

Անոնց կ՛ընկերակցին Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարար Սթիվըն Մնուչին եւ արտաքին գործոց փոխնախարար Ճոն Սալիվըն:

Յիշեցնենք, որ Թրամփի կողմէ Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք ճանչնալն ու իր երկրին դեսպանատունը Թել Աւիւէն Երուսաղէմ փոխադրելու որոշումը զայրացուցած էր պաղեստինցիները, արաբները եւ ընդհանրապէս իսլամական աշխարհը: Ամերիկեան դեսպանատան Երուսաղէմ փոխադրման թուականը յառաջաձգուած էր` զայն Իսրայէլի պետութեան հաստատման 70-ամեակի նշման օրը կատարելու համար:

Երկուշաբթի, 14 մայիս 2018-ին, Երուսաղէմի մէջ ամերիկեան հիւպատոսարանին մէջ բացումը պիտի կատարուի փոքր ու ժամանակաւոր դեսպանատան մը, իսկ աւելի մեծ վայր մը պիտի ճշդուի հետագային, երբ դեսպանատան անձնակազմին մնացեալ մասը Թել Աւիւէն փոխադրուի:

Նախատեսուած է, որ նախագահ Թրամփ դեսպանատան բացման արարողութեան ընթացքին տեսակապով ուղերձ մը յղէ ներկաներուն:

Քաղուած Ազդակէն

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/05/2018, 09:48