Որոնել

Cookie Policy
The portal Vatican News uses technical or similar cookies to make navigation easier and guarantee the use of the services. Furthermore, technical and analysis cookies from third parties may be used. If you want to know more click here. By closing this banner you consent to the use of cookies.
I AGREE
2024.11.13 La Conferenza sulla tutela delle Chiese d'Europa

Եւրոպայի Եկեղեցիներու հանդիպումի վայրը Վատիկանն է՝ չարաշահումներու դէմ ռազմավարութիւններն ու ցանցերը ուժեղացնելու նպատակով

Նոյեմբերի 13էն 15ը Անչափահասներու Պաշտպանութեան Քահանայապետական Յանձնախումբի կողմէ նախաձեռնած գագաթնաժողովին ներկայ են շուրջ հարիւր մասնակիցներ 25 Երկիրներէն։ Յանձնախումբի Նախագահ Կարդինալ Օ’Մալլէյի համոզմամբ պէտք է զօրեղ առաջնորդութիւն ցուցաբերել «անհրաժեշտ գործողութիւններ ձեռնարկելու ցանկացած չարաշահում կանխելու համար»:
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին պատգամով եւ Կարդինալ Օ’Մալլէյի Պոսթոնէն լսատեսողական ելոյթով, երեկ՝ 13 Նոյեմբերին Վատիկանի մէջ սկիզբ առաւ «Safeguarding in the Catholic Church In Europe - Պաշտպանութիւն Եւրոպայի մէջ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ» գագաթաժողովը եւ պիտի շարունակուի մինչեւ 15 Նոյեմբեր։

Նախաձեռնութիւնը Անչափահասներու Պաշտպանութեան Քահանայապետական ​​ Յանձնախումբինն է, որուն կը մասնակցին շուրջ հարիւր ներկայացուցիչներ 25 Երկիրներէն։ Ներկայ պիտի ըլլան նաեւ չարաշահումներու զոհեր։

Սրբազան Քահանայապետը իր պատգամին մէջ յաջողութիւն մաղթած է Համաժողովի մասնակիցներուն՝ պաշտպանական ցանց ստեղծելու եւ կանխարգելման լաւ սովորութիւններ հաստատելու ուղղութեամբ ջանքերուն համար՝ գիտելիքներու փոխանակման, մէկը միւսին աջակցելու եւ «արդիւնաւէտ եւ կայուն» պաշտպանութեան ծրագիրներ երաշխաւորելու համար:

Մինչ Պոսթոնի Արքեպիսկոպոս, Անչափահասներու Պաշտպանութեան Քահանայապետական Յանձնախումբի նախագահ Կարդինալ Սին Փաթրիք Օ’Մալլէյը իր պատգամին մէջ ընդգծեց, որ զոհերու եւ վերապրածներու ներկայութիւնը եւ մասնակցութիւնը առ աւելիով կ’ամրապնդէ իրենց նախանշած առաքելութիւնը եւ շնորհակալութիւն յայտնած է մասնակցութեան համար։

Երեխաները մեր հաւատքի առանցք

Ընդգծելով, ապա, որ Եւրոպան միշտ պահպանած է մշակոյթներու, լեզուներու, ցեղային խումբերու եւ կրօններու ժառանգութիւնը, Կարդինալը յոյս յայտնեց, որ այդ բազմազանութիւններն են, որ «կրնան նպաստել Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մէջ չարաշահումներու պատճառաւ երեխաներուն եւ մեծահասակներուն հասցուած վնասը վերականգնելու մեր ջանքերուն»: «Երեխաները մեր հաւատքի առանցքն են. պէտք ենք անոնց ձայն տալ եւ ունկնդրել զանոնք: Պէտք ենք ունկնդրել եւ արձագանքել անոնց, որոնք տուժած են՝ միշտ առաջնորդելով հոգատարութեամբ եւ կարեկցանքով», աւելացուցած է Կարդինալ Օ'Մալլէյը: «Պէտք ենք հետեւիլ պատշաճ ընթացակարգին մեղադրանքներու հետաքննութեան հարցում եւ պէտք ենք ցուցաբերել ուժեղ առաջնորդութիւն՝ ձեռնարկելով անհրաժեշտ գործողութիւններ՝ հնարաւորինս կանխելու ցանկացած չարաշահում»:

«Ապահով տարածք»

Հաշուի առնելով այն հանգամանքը, որ մասնակիցները պիտի ներգրաւուին բարդ նիւթերով եռօրեայ քննարկման մէջ, ստեղծուած է այսպէս կոչուած «Ապահով տարածք»՝ հնարաւոր անյարմար իրավիճակները կառավարելու համար:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/11/2024, 10:00
Prev
April 2025
SuMoTuWeThFrSa
  12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
27282930   
Next
May 2025
SuMoTuWeThFrSa
    123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031