Որոնել

#BeHuman․ Մարդկային եղբայրութեան համաշխարհային համաժողովի ներկայացումին ընթացքին #BeHuman․ Մարդկային եղբայրութեան համաշխարհային համաժողովի ներկայացումին ընթացքին 

#BeHuman․ Մարդկային եղբայրութեան համաշխարհային համաժողով

Այսօր՝ 7 Մայիսին, Վատիկանի Մամլոյ սրահին մէջ կայացաւ ասուլիս՝ նուիրուած #BeHuman խորագիրով համաժողովին, որ տեղի պիտի ունենայ 10 եւ 11 Մայիսին Հռոմի եւ Վատիկանի մէջ եւ կազմակերպուած է «Fratelli Tutti» հիմնադրամի կողմէ։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Երեքշաբթի՝ 7 Մայիս 2024ին, առաւօտեան ժամը 10-ին, Սուրբ Աթոռի Սուրբ Պիոս Ժ դահլիճէն ներս, կայացաւ մամլոյ ասուլիս՝ նուիրուած #BeHuman խորագիրով Մարդկային եղբայրութեան հայող համաշխարհային համաժողովին, որ տեղի պիտի ունենայ 10 եւ 11 Մայիսին եւ կազմակերպուած է «Fratelli Tutti» հիմնադրամի կողմէ։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին համանուն՝ «Fratelli tutti» շրջաբերականի «Երազենք որպէս մէկ եւ միակ մարդկութիւն ․․․ բոլորս եղբայրնե՛ր» (FT 8) կոչին արձագանքելով՝ 30 Նոպէլեան մրցանակակիրներ, գիտնականներ, տնտեսագէտներ եւ յայտնի անձնաւորութիւններ ողջ աշխարհէն հանդիպումներ պիտի ունենան Հռոմի եւ Վատիկանի մէջ եւ գաղափարներ պիտի կիսեն՝ իւրաքանչիւրը սեփական հմտութիւններու եւ կարողութիւններու ծիրէն ներս, խթանելու համար մարդկանց միջեւ եղբայրութիւնը՝ ի նպաստ խաղաղ աշխարհի մը։

Նախատեսուած են 12 հաւաքներ նոյնքան նիւթերուն շուրջ՝ Խաղաղութիւն, Գիւղատնտեսութիւն, Կայուն զարգացում եւ գործարարութիւն, Եղբայրական համագործակցութիւն, Կրթութիւն, Մարզանք, Առողջապահութիւն, Աշխատանք, Տեղական համայնքներ, Ընկերային հաղորդամիջոցներ, Մանուկներ, Տեղեկատւութիւն։

Նախաձեռնութեանը պիտի մասնակցի Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, որ մանուկներուն նուիրուած հանդիպմանը՝ պիտի առաջարկէ իր խորհրդածութիւնը եղբայրութեան նիւթին շուրջ։

Վերոնշեալ Մամլոյ ասուլիսին ելոյթ ունեցան ի միջի այլոց Սուրբ Պետրոսի տաճարի աւագերէց, Վատիկան Քաղաքի Քահանայապետին Տեղակալ, կարդինալ Մաուրօ Կամպեթթին, «Fratelli tutti» Հիմնադրամի Ընդհանուր Քարտուղար Հայր Ֆրանչեսքօ Օքքեթթան եւ Վատիկանի Սուրբ Պետրոս Պապական Պազիլիքային հաղորդակցութեան տնօրէն Հայր Էնցօ Ֆորթունաթոն, որոնք անդրադարձան #BeHuman համաժողովի տարբեր բնոյթներուն։

Կարդինալ Կամպեթթին մասնաւորապէս նշեց, որ «Սրբազան Քահանայապետին հետ միասին կ’ուզենք ոչ միայն նպաստել շարժում մը ստեղծելուն, որ «ո՛չ» ըսէ պատերազմին եւ «այո» խաղաղութեան, այլեւ՝ կառուցել ներառական տիպար՝ ունակ արժեւորելու ու յարգելու տարբերութիւնները եւ համակարգելու իւրաքանչիւր անձի դրական ներդրումի կարողութիւնները աշխարհի մէջ ․․․»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/05/2024, 13:02