Որոնել

Մամլոյ ասուլիս Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին մէջ Մամլոյ ասուլիս Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին մէջ 

Ներկայացուեցաւ Սուրբ Հաղորդութեան միջազգային 53րդ համագումարը

Վատիկանի մէջ մամլոյ ասուլիս Սուրբ Հաղորդութեան միջազգային 53 համագումարին վերաբերեալ զոր տեղի պիտի ունենայ էքուատորի Քուիթօ մայրաքաղաքին մէջ 8էն 15 սեպտեմբեր 2024 թուականին։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Երկուշաբթի, 20 մայիսին, Վատիկանի մամլոյ գրասենեակին մէջ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ներկայացուեցաւ Սուրբ Հաղորդութեան միջազգային համագումարը, զոր տեղի պիտի ունենայ էքուատորի Քուիթօ մայրաքաղաքին մէջ 8էն 15 սեպտեմբեր 2024 թուականին։

«Եղբայրութիւնը դարմանելու համար աշխարհը» վերնագիրով Սուրբ Հաղորդութեան համագումարին ներկայացումին ելոյթ ունեցան համագումարի տեղական կոմիտէ նախագահ, Քութօ թեմի արքեպիսկոպոս գերապայծառ Ալֆրէտօ Էսփինոզա Մաթէուս, Համագումարի ընդհանուր քարտուղար, հայր Խուան Քարլոս Կարզօն եւ Յիսուսեան միաբանութենէն հայր Քորրատօ Մաճոնի։

Հայր Մաճոնի իր ելոյթին մէջ ակնարկեց Սուրբ Հաղորդութեան միջազգային 52 համագումարներու պատմութեան մասին նշելով, որ 1881 թուականին, Լիլ քաղաքին մէջ կայացած առաջին համագումարէն, բոլոր համագումարները բնութագրուած են տպաւորիչ ցուցադրութիւններով, որոնք ուղղուած էին Հաղորդութեան մէջ Յիսուսին «Անձնական ներկայութեան» հաւատքը հաստատելուն մէջ, ինչպէս նաեւ Հաղորդութեան պաշտամունքը աճեցնելու։

Սուրբ Հաղորդութեան համագումարին միջազգայնութիւնը

Յիսուսեան միաբանութեան կղերականը Նշեց, որ տարբեր երկիրներուն ժողովուրդները Համագումար հրաւիրելու գաղափարը, մատուցելու համար Սուրբ Պատարագը եւ մտածելու համար անոր ընկերային եւ եկեղեցական նշանակութեան մասին, սկիզբէն նպատակ ունէր վերակենդանացնել այն գիտակցութիւնը, որ Քրիստոսի ներկայութիւնը մեր մէջ ու մեր միջոցաւ կը հանդիսանայ եկեղեցւոյ սիրտը եւ ու անոր առաքելութիւնը։

Հայր Մաճոնի նշեց ո, Համագումարի միջազգայնութիւնը կը դրսեւորէ Սուրբ Հաղորդութեան ընդհանրականութիւնը որ կը ձեւաւորէ իւրաքանչիւր մկրտեալ, իր կեանքին վիճակի մէջ, ինչպէս նաեւ իւրաքանչիւր քրիստոնեայ ընտանիք, ժողովրդապետութիւն եւ թեմեր։

«Մինչեւ երիտասարդներու համաշխարհային ձեռնարկը ապա ընտանիքի, այսօր նաեւ մանուկներուն, իւրաքանչիւրը իր յատկութիւններով, Սուրբ Հաղորդութեան միջազգային համագումարը համաշխարհային եկեղեցական իրադարձութիւն է, որ կարող է համախմբել, բոլոր ցամաքամասերէն հազարաւոր անձեր» ըսաւ Հայր Մաճոնի մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ունեցած ելոյթին մէջ։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/05/2024, 13:10