Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Տարեցները Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Տարեցները  (Vatican Media)

Ֆրանչիսկոս Պապ պիտի հանդիպի տարեցներուն հետ

.Այսօր՝ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին մէջ ներկայացուցեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին տարեցներուն հետ հանդիպումի միջոցառումը։

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին մէջ երկուշաբթի, 22 ապրիլին, մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ներկայացուեցաւ, Ֆրանչիսկոս Պապին պապիկներուն, տատիկներու եւ թոռնիկներուն հետ հանդիպումին միջոցառումը, զոր տեղի պիտի ունենայ շաբաթ, 27 ապրիլին, Վատիկանի Պօղօս Զ անուան սրահէն ներս, կազմակերպութեամբ ծերութեան հիմնադրամին։ 

Մամլոյ ասուլիսին ելոյթ ունեցան Կեանքի համար քահանայապետական կաճարի նախագահ, գերապայծառ Վինչենցօ Փալիա, Ծերութեան հիմնադրամի գրող Մարիօ Մարացիթի ինչպէս նաեւ Իտալացի դերասան տիար Լինօ Պանֆի։

Մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ներկայացուեցաւ նաեւ ծերութեան հիմնադրամի նպատակներն ու գործունէութիւնները։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/04/2024, 12:28