Որոնել

Գերապայծառ Փոլ Ռիչարտ Կալլակեր Փանամայի մէջ Գերապայծառ Փոլ Ռիչարտ Կալլակեր Փանամայի մէջ 

Արք Կալլակեր. Սուրբ Աթոռը յանձնառու է կամուրջներ կառուցելու հոն ուր ուրիշները բաժանումներ կը տեսնեն

Գերապայծառ Կալլակեր դասախօսեց Փանամայի մէջ Կաթողիկէ համալսարանէն ներս։ Ան իր խօսքը կեդրոնացուց Ֆրանչիսկոս Պապին անձին ու տեսլականին վրայ ինչպէս նաեւ աշխարհի չորս ծագերուն Սուրբ Աթոռի մատուցած ծառայութիւններուն վրայ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Սուրբ Աթոռի պետութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութեան քարտուղար, Արք Փոլ Ռիչարտ Կալլակեր 2էն 5 ապրիլ, Փանամա կատարած առաքելական ճամբորդութեան ընթացքին այցելեց ու դասախօսութիւն տուաւ Santa Maria La Antigua կաթողիկէ համալսարանին մէջ, որուն առանցքը կազմեց Սուրբ Աթոռի աշխարհի չորս ծագերուն մատուցած՝ մարդկային բարօրութեան, արժանապատուութեան եւ խաղաղութեան խթանման նուիրուած ծառայութիւնները։

Ընդհանուր բարիքը՝ արդարութիւնը, խաղաղութիւնը, միջազգային մակարդակով աջակցութիւնը եւ անտեսուածներուն պաշտպանութիւնը՝ «միջնորդութեան» եւ «Բարոյական համոզիչ» աշխատանքներու միջոցաւ, զերծ է քաղաքական, նիւթական եւ տարածքային ամէն ինչէն եւ  ուղղուած կամուրջներ կառուցելու հոն, ուր ուրիշները կարող են տեսնել միայն անյաղթահարելի բաժանումներ»։ Գերապայծառ Կալլակեր այդ խօսքերով ամփոփեց Սուրբ Աթոռի դարաւոր դիւանագիտութեան նպատակները ու գործողութիւնները, Փանամայի Կաթողիկէ համալսարանին մէջ ներկայացուցած դասախօսութեան ժամանակ։

Հրատապ ցաւալի դէպքերու լուծումները

Անդրադառնալով աշխարհը յուզող հարցերուն, Գեր Կալլակեր նշեց որ «Ընկերութիւնը, միջազգային հասարակութիւնը պէտք են վերացնել անտարբերութիւն պատճառող մութ ակնոցները՝ նայելու համար բազմաթիւ ճգնաժամերուն երեսին, որոնք այսօր կ՝ազդեն աշխարհի վրայ՝ հակամարտութիւններէն, մարդկային աղէտներէն մինչեւ շրջակայ միջավայրի անկումն ու կլիմային փոփոխութիւնը։ «Այս բոլոր ճգնաժամերը համաշխարհային լուծումներու կարիքը ունին» ըսաւ Ան

Ֆրանչիսկոս Պապ Վատիակնի Դիւանագիտութեան գլխաւոր դերակատարը

Արք Կալլակեր դասախօսութեան մեծ մասը կեդրոնացուց Ֆրանչիսկոս Պապին անձին վրայ ինչպէս նաեւ Քահանայապետին տեսլականին վրայ, որ կողմնորոշեց Վատիկանի դիւանագիտութիւնը շտապօրէն դիմագրաւելու աշխարհի աղքատութեան, կլիմայի փոփոխութեան, գաղթականութեան, խաղաղութեան,պաշտպանութեան եւ ոչ բռնութեան խնդիրները։

Ֆրանչիսկոս Պապ «շատ անգամ կրկնեց կամուրջներ կառուցելու կարեւորութիւնը ու ասոր համար երբեք չդադրիր հասանելի դառնալ միջնորդ կանգելու հակամարտութիւններու մէջ եւ խթանելու ազգերու միջեւ երկխօսութիւնը, օգտագործելով դրական չէզոքութիւնը ու իր կարեկից տեսլականը՝ լարուածութիւնը նուազեցնելու եւ խաղաղութիւնը խթանելու համար։», ըսաւ Գերապայծառ Կալլակեր,  թուելով Ֆրանչիսկոս Պապին ու Անոր վարդապետութենէն քաղուած սկզբունքները. Համընդհանուր եղբայրութիւնը, մարդկային արժանապատուութեան պաշտպանութիւնը, մարդկային կեանքի ամբողջական պաշտպանութիւնը՝ բեղմնաւորման պահէն մինչեւ բնական մահ, մարդկային իրաւունքներու եւ ազատութեան պաշտպանութիւնը, բազմակողմնութեան եւ տնտեսական համակարգերուն խթանումը, որոնք կը նպաստեն հաւասարութեան եւ արդարութեան, յաղթահարելով մարդ էակի օգտակարութեան տեսլականը, բնապահպանական կայունութեան նկատմամբ արհամարհանքը։

Յայտնենք, թէ Փանամայի մայր տաճարին մէջ մատուցած սուրբ Պատարագի աւարտին, գերապայծառ Փոլ Ռիչարտ կալլակեր մասնակցեցաւ Սուրբ Աթոռի եւ Փանամայի միջեւ դիւանագիտական կապերուն հաստատման հարիւր ամեակի առթիւ կազմակերպուած ծառ տնկելու հանդիսութեան։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/04/2024, 11:57