Որոնել

2024.04.15 Monsignor Filippo Ciampanelli

Գերապ. Չամփանելլի անուանուեցաւ Արեւելեան Եկեղեցիներու Վերատեսչութեան Ենթաքարտուղար

Ան աշխատած է Վրաստանի, Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Պիելոռուսիոյ Քահանայապետական Նուիրակութիւններուն մէջ եւ 2015 թուականէն կը ծառայէր Պետական քարտուղարութեան Ընդհանուր Գործերու բաժանմունքին մէջ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Պապը երկուշաբթի 15 ապրիլ 2024ին Գերապայծառ Ֆիլիփփօ Չամփանելլին անուանեց Արեւելեան Եկեղեցիներու Վերատեսչութեան Ենթաքարտուղար։ Ան մինչեւ օրս կը վարէր Պապական Նուիրակութեան Խորհրդատուի պաշտօնը ծառայելով Պետքարտուղարութեան Ընդհանուր Գործերու բաժանմունքին մօտ։

Գերապայծառ Չամփանելլի ծնած է 30 Յուլիս 1978ին Իտալիոյ Նովարա քաղաքին մէջ։ Քահանայ ձեռնադրուած է 21 Յունիս 2003ին, անդամակցելով Նովարայի Թեմին։ Աստուածաբանութեան Վարդապետական աստիճանի ստացած է Հռոմի Գրիգորեան Համալսարանին մէջ եւ 2009ի Յուլիսի մէկին աւարտելէ ետք Եկեղեցական Քահանայապետական Ակադեմիան սկսած է Սուրբ Աթոռի դիւանագիտական իր ծառայութիւնը։

Ան աշխատեցաւ Վրաստանի, Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Պիելոռուսիոյ Քահանայապետական Նուիրակութիւններուն մէջ եւ 2015 թուականէն կը ծառայէ Պետական քարտուղարութեան Ընդհանուր Գործերու բաժանմունքին մէջ։

Արևելեան Եկեղեցիներու Վերատեսչութեան ներքոյ, որ կը զբաղի Արեւելքի Կաթողիկէ եկեղեցիներու աճի խթանմամբ, իրաւունքներու և հոգևոր ժառանգութեան պահպանմամբ, Գերապայծառ Չիամփանելլին, կը ստանձնէ այն դերը, որ չորս տարի տեւողութեամբ ստանձնեց Հայր Ֆլավիօ Փաչէն, որ անցեալ փետրուարին Սրբազան Պապին կողմէ նշանակուեցաւ Քրիստոնեաներու Միութեան խթանումին Վերատեսչութեան Քարտուղար, արժանանալով նաեւ արքեպիսկոպոսի կոչումին, որուն եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւնը նախատեսուած է յառաջիկայ մայիսի 4-ին Միլանի Մայր տաճարին մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/04/2024, 12:10