Որոնել

2024.03.01 Partecipanti al Convegno Internazionale "Uomo-Donna immagine di Dio. Per una antropologia delle vocazioni"

Ժողովրդապետներ Սիւնհոդոսի համար` Ժողովրդապետներու միջազգային հանդիպում

Ձեռնարկը կը համապատասխանէ անցեալ տարի տեղի ունեցած Եպիսկոպոսներու սիւնհոդոսի առաջին փուլին մասնակցողներու խնդրանքին` որոնք առաջարկեցին աւելիով ունկնդրել ժողովրդապետներուն ձայնը ու արժեւորել անոնց ապրած փորձառութիւնները։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Յառաջիկայ 29 ապրիլէն 2 մայիս 2024ին Հռոմի Սաքրոֆանօ շրջանին մէջ տեղի կ՛ունենայ Ժողովրդապետներու միջազգային հանդիպումը նուիրուած Սիւնհոդոսականութեան` որուն կեդրոնական նիւթն է «Ինչպէս սիւնհոդոսական ըլլալ տեղական եկեղեցւոյ առաքելութեան մէջ» առ ի պատրաստութիւն Եպիսկոպոսներու ԺԶ ընդհանուր սիւնհոդոսի երկրորդ փուլին որ նախատեսուած է յառաջիկայ հոկտեմբեր ամսոյն մէջ։

«Ժողովրդապետներ Սիւնհոդոսի համար»

հաւաքին նպատակն է ըլլալ ունկնդրութեան, աղօթքի եւ զատորոշումի պահ մը» ու նախաձեռնութիւնն է Սիւնհոդոսի ընդհանուր Քարտուղարութեան եւ Կղերի Վերատեսչութեան, Աւետարանումի Վերատեսչութեան եւ Արեւելեան Եկեղեցիներու Վերատեսչութեան։

Ձեռնարկը կը համապատասխանէ անցեալ տարի տեղի ունեցած Եպիսկոպոսներու սիւնհոդոսի առաջին փուլին մասնակցողներու խնդրանքին` որոնք առաջարկեցին աւելիով ունկնդրել ժողովրդապետներուն ձայնը ու արժեւորել անոնց ապրած փորձառութիւնները։

Մտքերու փոխանակում

Հաւաքին նպատակն է նաեւ հնարաւորութիւն ընծայելով երկխօսութեան ու մտքերու եւ փորձառութիւններու փոխանակումին ապա ուղեցոյցներ տրամադրել` Երկրորդ Փուլի «աշխատանքային թղթածրարի» պատրաստման համար։

Վերոնշեալ հաւաքին պիտի մասնակցին գրեթէ 200 ժողովրդապետներ, որոնք նշանակուած են տեղական Եպիսկոպոսական Համահաւաք դասերու կողմէ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/04/2024, 11:46