Որոնել

Ամազոնի բնիկ ժողովուրդներ Ամազոնի բնիկ ժողովուրդներ   (@Cimi)

Արք Քաչիա. Ճանչնալ բնիկ ժողովուրդներու երիտասարդները

Սուրբ Աթոռի մնայուն դիտորդի ելոյթը, ՄԱԿ-ի բնիկ ժողովուրդներու հարցերու վերաբերող 23-րդ ընդհանուր նիստին

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

«Բնիկ ժողովուրդները ունին ինքնորոշման իրաւունքը՝ իրականացուած միջազգային իրաւունքի համաձայն, որ թոյլ կու տայ անոնց ազատօրէն հետամուտ ըլլալու իրենց տնտեսական, ընկերային եւ մշակութային զարգացման», ըսաւ ՄԱԿ-ի մօտ մնայուն դիտորդ, արքեպիսկոպոն Քաչիա, բնիկ ժողովուրդներու նուիրուած ՄԱԿ-ի մշտական ֆորումի 23-րդ նստաշրջանին, որ յատուկ կերպով կեդրոնացած է բնիկ ժողովուրդներուն երիտասարդներուն վրայ։

Իրենց մշակոյթի պահապանները. Այս առումով արք. Քաչիա վերահաստատեց երիտասարդներուն «դերի ճանաչումի» կարեւորութիւնը, քանի որ անոնք իրենց «մշակոյթի ներկայ եւ ապագայ պահապաններ են եւ իրենց մշակութային, աւանդութիւններու եւ լեզուի ժառանգութեան բեռնակիրները, նպաստել կարողանալու համար իրենց համայնքներու կեանքի յստակ ձեւերուն։

«Կամուրջ սերունդներու միջեւ» Արք Քաչիա նշեց, որ բնիկ ժողովուրդներուն երիտասարդները տեղակայուած են նաեւ «առաջնագիծին վրայ՝ պաշտպանելու համար նախնիներուն հողերը, բնական հարստութիւնները» ու այս գծով հրաւիրեց պետութիւններու եւ բնիկ բնակչութեան միջեւ կարեւոր երկխօսութեան, որ կը խթանէ հանդիպումի մշակոյթը։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/04/2024, 11:41