Որոնել

ֆրանսայի խորհրդարանէն ներս համագումար ֆրանսայի խորհրդարանէն ներս համագումար 

Ֆրանսա. սահմանադրութեան մէջ հաստատուեցաւ վիժումի դիմելու իրաւունքը։ Կարդինալ Փալիա. Կեանքը պէտք է միշտ պաշտպանուի

Ֆրանսայի սահմանադրութեան մէջ հաստատուած վիժումի օրէնքի վերաբերեալ իր կարծիքը յայտնեց կարդինալ Վինչենցօ Փալիան Վատիկան Նիւզի հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին, ծիրանաւորին համար կարելի չէ, որ հաստատուի մարկային կեանքը խլելու իրուանք մը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

780 կողմ ձայնով Ֆրանսայի մէջ պատգամաւորներն ու սենադորները համագումարի ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ 4 մարտին, սահմանադրութեան մէջ հաստատեցին վիժումի դիմելու ազատութեան իրաւունքը։ Առաջարկը սենադին կողմէ հաստատուեցաւ առաջին ընթերցումով 267 կողմ եւ 50 թեր ձայներով՝ անցեալ 29 փետրուարին։ Վերջնական հաստատումին համար անհրաժեշտ էր համագումարի խորհրդականներուն երեք հինգերորդ ձայնը, որոնք կողմ արտայատուեցան։

Ֆրանսայի սահմանադրութեան մէջ հաստատուած վիժումի  դիմելու օրէնքի վերաբերեալ, «Վատիկան Նիւզ»ի հետ ելոյթ ունեցաւ կեանքի համար քահանայապետական կաճառի նախագահ, գերապայծառ Վինչենցօ Փալիա։  Ան կրկնեց եւ յիշեց Ֆրանսայի եպիսկոպոսներուն արտայատած տխրութիւնը։ « Ես», ըսաւ ծիրանաւորը, «կը կարծեմ որ այս մեթոտով կամ այս բառերով չէ, որ կրնանք կիներն ու անոնց զաւակները պաշտպանել։ Ցաւով ու դժուարութիւններով յատկանշուող կեանքերուն առջեւ պէտք է, որ միասին աշխատինք, որպէսզի կեանքը միշտ պահպանուի եւ պաշտպանուի, յատուկէն ամենատարներունը» ըսաւ Կարդինալ Փալիա մատնանշելով, որ այս ուղղութեամբ է, որ Կեանքի համար քահանայապետական կաճառը կը շարունակէ աջակցիլ բոլորին յանձնառութեան, որպէսզի կեանքը ամենուրեք եւ ամէն կացութեան մէջ պահպանուի։ «Ասոր մէջ ֆրասնայի եպիսկոպոսներուն մօտիկութիւնը ինծի անհրաժեշտ է», ըսաւ կարդինալ Փալիան։

Կեանքի պաշտպանութիւնը՝ մարդկութեան առաջին նպատակը

Կեանքի համար.Քահանայապետական կաճառի յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ համընդհանուր իրաւունքներուն դարաշրջանին մէջ կարելի չէ, որ հաստատուի մարդկային կեանքը խլելու իրաւունք մը ու հրաւէր կ՝ուղղուի բոլոր կառավարութիւններուն եւ աւանդական կրօններուն՝ իրենց լաւագոյն տալու , որպէսզի պատմութեան այս ժամանակահատուածին, կեանքի պաշտպանութիւնը դառնայ բացարձակական առաջնահերթութիւն՝ խաղաղութեան եւ ընկերային արդարութեան օգտին, շօշափելի քայլերով եւ արդիւնաւէտ միջոցներով, ինչպէս նաեւ կրթութեան եւ առողջութեան համընդհանուր հասանելիութեան արդիւնաւէտ միջոցներով։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/03/2024, 11:07