Որոնել

Սուրբ Պետրոսի տաճարը Սուրբ Պետրոսի տաճարը   (VATICAN MEDIA Divisione Foto)

Տօնական օրերուն Սուրբ Պետրոսի հրապարակը պիտի դառնայ գունաւոր ծաղիկներով զարդարուած հսկայ պարտէզ մը

հաղորդագրութիւն տօնական օրերուն Վատիկանի Պազիլիքայի մէջ եւ Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ աւագ շաբթուայ համար նախատեսուած ծաղիկներուն զարդարանքի վերաբերեալ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Սուրբ Զատկուայ տօնական օրերուն, Վատիկանի Տաճարն ու Սուրբ Պետրոսի հրապարակը  պիտի զարդարուին Հոլանտայէն հասած ծաղիկներով եւ ձիթենիի ծառերով։

Աւագ շաբաթը՝ որ ծիսական տարուան հիմնարար պահ մըն է, այս տարի Սուրբ Պետրոսի հրապարակն ու Վատիկանի տաճարը պիտի բնորոշուին գունաւոր ծաղիկներով եւ բոյսերով, ձիթենիի ծառերով, որոնք հասած են ոչ միայն Իտալիայէն այլեւ Հոլանտայէն։

Վատիկան Քաղաքի Պետութեան ենթակառոյցներու եւ ծառայութիւններու տնօրինութեան պարտէզներու եւ շրջակայ միջավայրի ծառայութեան աշխատակիցները, Սուրբ Պետրոսի հրապարակը պիտի զարդարեն գունաւոր ծաղիկներով եւ ձիթենիի ծառերով, համագործակցութեամբ բոլոր անոնց հետ որոնք ծաղիկներն ու բոյսերը նուիրեցին։

Կիրակի 24 մարտին, Ծաղկազարդի տօնին օրը, հաւատացեալներուն պիտի տրուի Իտալիոյ Սարտէնիա մարզի Օլիօ քաղաքին ազգային ընկերակցութեան կողմէ պատրաստուած արմաւենիները եւ ձիթապտուղի ճիւղերը ։

Մինչ՝ Կիրակի 31 մարտին, Յիսուսի Յարութեան տօնին օրը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակը պիտի դառնայ Հոլանտայէն հասած հազարաւոր ծաղիկներով զարդարուած հսկայական մեծ պարտէզ ու այդ զարդարանքները կ՝իրականացուին շնորհիւ Հոլանտացի ծաղկավաճառներուն նեդրումին, համագործակցութեամբ Վատիկան քաղաքի պարտէզներու ծառայութեան աշխատակիցներուն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/03/2024, 13:03