Որոնել

+ Parolin: Ucraina? Prima condizione � mettere fine aggressione +

Քահանայապետին համար բանակցիլը չի նշանակեր յանձնուիլ, այլ պայման է՝ արդար եւ կայուն խաղաղութեան հասնելու համար․ Կարդինալ Փարոլին

Ֆրանչիսկոս Պապի՝ Զուիցերական Հեռուստակայանի «Cliché» մշակութային յայտագիրի հետ ունեցած հարցազրոյցի ընթացքին արտասանած խօսքերուն յաջորդած է, Պետքարտուղար Կարդինալ Փարոլինի «Corriere della Sera» թերթին հետ ունեցած հարցազրոյցը:
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը հարցազրոյց տուած է լրագրող Ճան Կուիտօ Վեքքիին, որ հրապարակուեցաւ այսօր՝ 12 Մարտին, «Corriere della Sera» թերթին մէջ։

Առաջին հարցը կը վերաբերէր Սրբազան Պապի՝ Ուքրանիոյ պատերազմի վերաբերեալ խօսքերուն, մասնաւորապէս, թէ ինչու՞ Ան կողմերէն միայն մէկուն՝ Ուքրանիոյ դիմելով շեշտած էր բանակցութիւններ վարելու կարեւորութիւնը, որ թէեւ ճիշտ է որ յանձնուիլ չնշանակեր, սակայն յարձակման ենթարկուածի «պարտութիւնը»՝ որպէս բանակցելու դրդապատճառ ներկայացնելը, կարող է հակա արդիւնաւէտ ըլլայ։

«Քահանայապետը յորդորած է «ստեղծել պայմաններ դիւանագիտական ​​լուծման համար՝ փնտռելու համար արդար և տեւական խաղաղութիւն», ըսած է Պետքարտուղարը իր պատասխանին սկիզբը եւ շարունակած, որ «Այս առումով ակնյայտ է, որ նման պայմաններու ստեղծումը ոչ միայն կողմերէն մէկու, այլ երկուքին գործն է, եւ առաջին պայմանը, ճիշտ յարձակումին վերջ դնելը պիտի ըլլայ։ Պէտք չէ երբեք մոռնալ համատեքստը․ տուեալ պարագային Սրբազան Պապը իրեն ուղղած հարցին ի պատասխան խօսեցաւ բանակցելու և, մասնաւորապէս, բանակցելու խիզախութեան մասին, որ երբեք յանձնուիլ չէ։ Սուրբ Աթոռը կը հետապնդէ այս գիծը եւ կը շարունակէ «հրադադար» պահանջել: (․․․) Սրբազան Հայրը կը բացատրէ, որ բանակցիլը թուլութիւն չէ, այլ ուժ (․․․) եւ մեզի կ’ըսէ, որ պէտք է աւելի մեծ ուշադրութիւն յատկացնենք մարդկային կեանքին, հարիւր հազարաւոր մարդկային կեանքերուն, որոնք զոհուած են Եւրոպայի սիրտին մէջ այս պատերազմի ընթացքին: Ասոնք խօսքեր են, որոնք կը վերաբերէին Ուքրանիոյ, ինչպէս նաեւ Սուրբ Երկրին եւ միւս հակամարտութիւններուն, որոնք կ’արիւնոտեն աշխարհը»:

«Կա՞ն արդեօք դիւանագիտական ​​լուծման հասնելու հնարաւորութիւններ» հարցումին պատասխանելով Ծիրանաւորը ընդգծած է, որ․ «հաշուի առնելով, որ մարդու կամքէն կախում ունեցող որոշումներ են, դիւանագիտական ​​լուծման հասնելու հնարաւորութիւնը միշտ կայ։ Ուքրանիոյ դէմ սանձազերծած պատերազմը հետեւանք է ոչ թէ անվերահսկելի բնական աղէտի, այլ միայն մարդու կամքի արդիւնք է, զոր յառաջացուցած է այս ողբերգութիւնը, եւ ունի նաև հնարաւորութիւն եւ պատասխանատուութիւն քայլեր ձեռնարկելու դէպի դիւանագիտական լուծում։

Իսկ լրագրողի այն հարցին թէ ի՞նչ նմանութիւններ կան Ուքրանիոյ պատերազմի եւ իսրայէլա-պաղեստինեան հակամարտութեան միջեւ, Կարդինալ Փարոլինը նշեց, որ «երկու իրավիճակներն ալ վտանգաւոր կերպով ընդլայնուած են բոլոր ընդունելի սահմաններէն անդին, որ կարելի չէ զանոնք լուծել առանց լուրջ բանակցութիւններու, աւելցնելով, որ ինք կ’անհանգստանայ այն ատելութենէն, որ այդ հակամարտութիւններէն կը ծնին։ Ապա հարց տուած է․ «Կարելի՞ Է երբևէ բուժել նման խորը վէրքերը»։

Ծիրանաւորին ուղղուած վերջին հարցը միջուկային հակամարտութեան վտանգի վերաբերեալ էր, որուն ի պատասխան Սուրբ Աթոռի Պետքարտուղարը պատասխանեց, որ տեսնելով, թէ ինչ օրինաչափութեամբ իշխանութեան որոշ ներկայացուցիչներ կ’օգտագործեն այդ սպառնալիքը, այդպիսի վտանգ գոյութիւն ունի... Ըստ Կարդինալ Փարոլինի Սուրբ Աթոռի «հիմնարար վախը» այն է, որ «այս ողբերգական իրավիճակէն ներս տարբեր դերակատարներն ալ աւելիով փակուին սեփական շահերու մէջ՝ առանց ոչինչ ձեռնարկելու արդար եւ կայուն խաղաղութեան հասնելու համար»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/03/2024, 12:33