Որոնել

2024.03.18 Esequie Card. Paul Josef Cordes

Կարդինալ Ճովաննի Պաթիսթա Ռէ գլխաւորեց Կարդինալ Փոլ Ժոզէֆ Քորտէսի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը

Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ Կարդինալ Փոլ Ժոզէֆ Քորտէսի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը, նախագահութեամբ Կարդինալական դասի աւագ երեց կարդինալ Ճովաննի Պաթիսթա Ռէյին։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Երկուշաբթի, 18 մարտին, յետմիջօրէին, Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ Կարդինալ Փոլ Ժոզէֆ Քորտէսի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը, գլխաւորութեամբ կարդինալական դասին աւագ երեց կարդինալ Ճովաննի Պաթիսթա Ռէին եւ մասնակցութեամբ կարդինալներու, եպիսկոպոսներու, քահանաներու։ Յուղարկաւորութեան արարողութեան աւարտին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը մասնակցեցաւ Կարդինալ Քորտէսի վերջին օծման եւ հրաժեշտի արարողութեան։

Կարդինալ Փոլ Ժոզէֆ Քորտէս իր մահկանացուն կնքեց 89 տարեկանին, ուրբաթ 15 մարտին՝ Հռոմի մէջ։ Անոր յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ։ Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ կարդինալ Ռէ  հաւատացեալներէն խնդրեց, որ աղօթեն Կարդինալ Քորտէսին համար, որպէսզի  Աստուած զինք ընդունի յաւիտենական ուրախութեան մէջ։ Կարդինալ Ռէ հակիրճ ապա հակիրճ կերպով ներկայացուց հանգուցեալ ծիրանաւորին կենսագրականը ու յիշեց  նաեւ կարդինալ Քորտէսի հոգեւոր ժառանգութենէն հետեւեալ հատուածը. «Աւետարանի եւ Եկեղեցւոյ հասարակութեան ճշմարտութիւնը ինծի վստահելի առաջնորդութիւն տուին Աստուծոյ եւ մերձաւորին սիրելու իրենց երկու պարտաւորութեամբ։ Եւ միշտ զարմացած մնացի, նոյնիսկ յուզուած այն փաստէն որ Ամենակարողը իր Որդիին մէջ կը ցանկանայ մեր կողմէ սիրուած ըլլայ։ «Հրաժեշտի պահուն ինծի կը մնայ ընկերներէս ներողութիւն խնդրել վիրաւորանքներու համար, ինչպէս նաեւ անոնց աղօթքը, որպէսզի կարողանամ հասնիլ յաւերժական երանութեան Աստուծոյ երրորդութեան կեանքին մէջ» նշուած Կարդինալ Քորտէսի հոգեւորական ժառանգութեան մէջ։

Կարդինալ ՌԷ Ճովաննի քարոզը աւարտեց հրաւիրելով հաւատացեալները աղօթելու, որպէսզի  Տէրը Կարդինալ Քորտէսը  ընդունի իր յաւիտենական սիրոյն մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/03/2024, 17:00