Որոնել

Վատիկան, Սուրբ Պետրոսի տաճար Վատիկան, Սուրբ Պետրոսի տաճար  (VATICAN MEDIA Divisione Foto)

Ոչ եւս է գերմանացի կարդինալ Քորտէսը երիտասարդներու համաշխարհային օրը ծրագրողներէն մին

Կարդինալ Քորտէս կեանքէ հեռացաւ 89 տարեկանի ան 15 տարի շարունակ եղած է Քահանայապետական «Քուր Ունում»ի նախագահ

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հռոմի մէջ, ուրբաթ 15 մարտին, 89 տարեկանին իր մահկանացուն կնքեց կարդինալ Ժոզէֆ Քորտէսը, որ ծնած էր 1934 թուականին գերմանիոյ Kirchhundem գիւղին մէջ։ Ան բժշկութիւն ուսանած էր ապա ձեռնադրուած քահանայ 1961-ին եւ որպէս հոգեւոր հովիւ ծառայած է տարբեր ժողովրդապետութիւններէն ներս։

Կարդինալ Քորտէսը մասնագիտացած է աստուածաբանական գիտութեան մէջ եւ վարած է տարբեր կարեւոր պաշտօններ եկեղեցական կեանքէն ներս։

1980ին, Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Պապին կամքով նշանակուած է աշխարականներու համար քահանայապետական խորհուրդի փոխ նախագահ։ Ունեցած է տարբեր պաշտօններ Հռոմի Քուրիայի մէջ, զարգացուցած է Սան Լորենցօ երիտասարդական միջազգային կեդրոնը, որուն բացումը կատարուեցաւ 1983ին, 83-84 յոբելինական արտասովոր սուրբ տարուան առթիւ նպաստած է Երիտասարդաց համաշխարհային օրուան կառուցման։

Հանգուցեալ ծիրանաւորը աշխարհի տարբեր վայրերու մէջ, Յովհաննէս Պօղոս Բ Պապին անունով կատարած է տարբեր առաքելութիւններ, ապա Պենետիսկոս ԺԶ-ի կամքով նշանակուած է կարդինալ 2007ին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/03/2024, 14:49