Որոնել

SRI LANKA-RELIGION-ISLAM-RAMADAN

Մարել պատերազմին կրակը ու վառել խաղաղութեան մոմը. Ռամատանի առիթով պատգամ իսլամներուն

«Խաղաղութեան և անվտանգութեան ցանկութիւնը խորապէս արմատաւորուած է բարի կամքի տէր իւրաքանչիւր մարդու հոգիին մէջ, քանի որ ոչ ոք չի կարող չտեսնել պատերազմի ողբերգական հետևանքները, մարդկային կեանքերու կորուստի, ծանր վէրքերու և որբերու ու այրիներու բազմութեան մէջ». Սուրբ Աթոռի միջ կրօնական երկխօսութեան վերատեսչութիւն։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Սուրբ Աթոռի միջ կրօնական երկխօսութեան վերատեսչութիւնը իսլամներու Ռամատանի տօնին առիթով մօտիկութեան եւ բարեկամութեան պատգամ մը յղած է մահմետականներուն, կարեւոր նկատելով որ անոր պարունակութիւնը տարածուի ըլլայ քրիստոնեայ ըլլայ մահմետական համայնքներուն մէջ որպէս միջոց ամրապնդելու երկու կրօններու միջեւ բարի յարաբերութիւններու կառուցումը։

Պատգամին մեծ մասը նուիրուած է պատերազմի նիւթին, որուն այս օրերուն թիրախ են բազմաթիւ երկիրներ եւ որ Ֆրանչիսկոս Պապը կը կոչէ «երրորդ համաշխարհային պատերազմ»։ Այնտեղ կ՛ակնարկուի նաեւ պատերազմներու պատճառներուն, որոնցմէ հիմնականը զէնքերու արտադրումն է, ու նաեւ պատերազմներու բերումով ոմանց դիզած շահերը։

Խաղաղութեան ցանկութիւնը

«Խաղաղութեան և անվտանգութեան ցանկութիւնը խորապէս արմատաւորուած է բարի կամքի տէր իւրաքանչիւր մարդու հոգիին մէջ, քանի որ ոչ ոք չի կարող չտեսնել պատերազմի ողբերգական հետևանքները, մարդկային կեանքերու կորուստի, ծանր վէրքերու և որբերու ու այրիներու բազմութեան մէջ: Ենթակառոյցներու և ունեցուածքի ոչնչացումը անյոյս կերպով կը դժուարացնէ եւ գուցէ անհնարին կը դարձնէ կեանքը: Երբեմն հարիւր հազարաւոր մարդիկ կը տեղահանուին իրենց երկրէն եւ ստիպուած կ՛ըլլան փախչիլ այլ երկրներ՝ որպէս փախստական: Հետևաբար, պատերազմի դատապարտումն ու մերժումը պէտք է ըլլայ միանշանակ. բոլոր պատերազմները եղբայրասպան են, անօգուտ, անիմաստ և մութ։ Պատերազմին մէջ բոլորն ալ կը պարտուին։ «Ոչ մէկ պատերազմ սուրբ չէ, միայն խաղաղութիւնը սուրբ է» կ՛ըսէ Ֆրանչիսկոս Պապը» գրուած է պատգամին մէջ ուր մատնանշուած է նաեւ կրօններուն որոնք բոլորն ալ իւրաքանչիւրը իր տեսանկիւնէն սուրբ կը նկատէ մարդկային կեանքը ու արժանի յարգանքի եւ պաշտպանութեան։

Խիղճերու կազմաւորումի անհրաժեշտութիւնը

Կրօնները ապա բոլորն ալ կը կարեւորեն խղճին դերը ու խիղճերու կազմաւորումի անհրաժեշտութիւնը` «որպէսզի յարգուի իւրաքանչիւր մարդկային կեանքին արժէքը, ու անոր ֆիզիկական ամբողջականութեան, անվտանգութեան և արժանապատիւ կեանքի իրաւունքը, ու նաեւ պատերազմի, դատապարտուի ու մերժուի իւրաքանչիւր պատերազմ և բոլոր պատերազմները։

«Ամենակալին նայինք` որպէս խաղաղութեան Աստուած, աղբիւրը խաղաղութեան...խաղաղութիւնը աստուածային պարգեւ է եւ միեւնոյն ժամանակ մարդկային ջանքերուն պտուղը» կը կարդանք ի միջի այլոց վերոնշեալ պատգամին մէջ, որուն աւարտին հրաւէր կ՛ուղղուի, որպէս իսլամներ եւ քրիստոնեաներ միանալու, «որպէսզի մարենք ատելութեան, բռնութեան ու պատերազմին կրակը ու վարեն« խաղաղութեան քնքուշ մոմը, օգտագործելով խաղաղութեան կենսամիջոցները, որոնք առկայ են մեր հարուստ մարդկային և կրօնական աւանդութիւններուն մէջ»։

Պատգամը եզրափակուած է հետեւեալ մաղթանքով. « Թող` որ ծոմապահութիւնը, ռամատանը ու եզրափակիչ Իտ ըլ Ֆըդրը ձեզի բերէ խաղաղութեան, յոյսի ու երջանկութեան պտուղներ»

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/03/2024, 12:13