Որոնել

2023.08.03 Paul Richard Gallagher a Lisbona GMG intervista

Գերապայծառ Կալլակէր Մոնթենեկրօ կը մեկնի

Լուրը կը կարդանք Պետական Քարտուղարութեան «X» ընկերային ցանցի հասցէին վրայ ուր նաեւ նշուած է, որ Գերապայծառ Կալլակէրը Երկիրը կ՛այցելէ Մոնթենեկրոյի արտաքին գործերու նախարար` Ֆիլիփ Իվանովիչին հրաւէրով որուն հետ պիտի տեսակցի վաղը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հինգշաբթի 21 Մարտ 2024ին Գերապայծառ Փոլ Ռիչըրտ Կալլակէր, Պետութիւններու եւ Միջազգային կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղարը, չորս օրուայ այցելութեամբ կը մեկնի Մոնթենեկրօ ուր հանդիպումներ պիտի ունենայ Երկրին նախագահին, Վարչապետին ու արտգործ Նախարարին հետ։ Ան ապա իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Սուրբ Աթոռի հետ հիմնարար համաձայնագրի կատարման խառն յանձնաժողովի հանդիպումի բացման արարողութեան։ Լուրը կը կարդանք Պետական Քարտուղարութեան «X» ընկերային ցանցի հասցէին վրայ ուր նաեւ նշուած է որ Գերապայծառ Կալլակէրը երկիրը կ՛այցելէ Մոնթենեկրոյի արտաքին գործերու նախարար` Ֆիլիփ Իվանովիչին հրաւէրով որուն հետ պիտի տեսակցի վաղը։

Ուրբաթ 22 Մարտի յայտագիրը կը նախատեսէ Մոնթենեկրոյի նախագահ Տիար Jakov Milatović հետ հանդիպումը որուն կը յաջորդէ Խորհրդարանի նախագահին ու Վարչապետի հետ հանդիպումները։ Միշտ 22 Մարտին Գերապայծառ Կալլակէր կը մասնակցի Սուրբ Աթոռի հետ հիմնարար համաձայնագրի կատարման խառն յանձնաժողովի հանդիպումի բացման նիստին։

Կեցութեան ընթացքին Վատիկանի ներկայացուցիչը պիտի հանդիպի Քոթոր Թեմի կաթողիկէ հաւատացեալներուն հետ` 23 Մարտին ապա կիրակի 24 Մարտին հանդիպում պիտի ունենայ Պարի աւագ թեմի հաւատացեալներուն հետ սուրբ պատարագ մատուցելով Սուրբ Պետրոս Համա-աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ։

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/03/2024, 12:35