Որոնել

2023.10.28 Sinodo dei Vescovi - XX Congregazione Generale

Ներկայացուեցան Սիւնհոդոսի Երկրորդ նստաշրջանին ընդառաջ երկու փաստաթուղթեր

Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակի մէջ կայացաւ մամլոյ ասուլիս՝ 2024ի աշնանը կայանալիք Սիւնհոդոսականութեան նուիրուած Երկրորդ նստաշրջանին ընդառաջ ներկայացնելու Սիւնհոդոսի Ընդհանուր Քարտուղարութեան երկու փաստաթուղթերը։
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ – Հայկական Բաժանմունք

Հինգշաբթի՝ 14 Մարտին, ժամը 13.00ին, Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակի Սուրբ Պիոս Ժ սրահէն ներս կայացած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ներկայացուեցան Սիւնհոդոսի Ընդհանուր Քարտուղարութեան երկու փաստաթուղթերը՝ 2024ի աշնանը կայանալիք սիւնհոդոսականութեան նուիրուած սիւոհոդոսի Երկրորդ նստաշրջանին ընդառաջ, որոնք կը կրեն հետեւեալ խորագիրները․

«Ինչպէ՞ս ըլլալ Սինոտալ Եկեղեցի առաքելութեան մէջ։ Աստուածաբանական գետնի վրայ խորացնելինք հինգ հեռանկարներ,՝ Երկրորդ նստաշրջանին ընդառաջ»

եւ

«Ուսումնական խումբեր՝ Եպիսկոպոսաց Սինոդի ԺԶ սովորական ընդհանուր ժողովի Առաջին նստաշրջանէն ծագած հարցերը Հռոմէական Քուրիայի Վերատեսչութիւններու հետ համատեղ խորացնելու նպատակով»։

Մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ելոյթներով հանդէս եկան ի միջի այլոց՝ Սինոդի Ընդհանուր Քարտուղար, Կարդինալ Մարիօ Կրէքը, Եպիսկոպոսներու սինոդի ԺԶ ընդհանուր ժողովին գլխաւոր զեկուցող, Կարդինալ Ժան Քլոտ Հոլլերիխը,  Օրէնսդրական Փաստաթուղթերու Վերատեսչութեան Վերատեսուչ, Գերապայծառ Ֆիլիփփօ Եաննոնէ, Միջազգային Աստուածաբանական Յանձնաժողովի Գլխաւոր Քարտուղար, Գերապայծառ Փիերօ Քոտա։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/03/2024, 13:12