Որոնել

2024.02.23 Predica di Quaresima

«Իսկ դուք ո՞վ կը կարծէք որ ըլլամ». Վատիկանի մէջ սկիզբ առին քառասնորդացի Քարոզները

Քահանայապետական Տան Քարոզիչ` Կարդինալ Ռանիերօ Քանթալամեսսայի գլխաւորած Քառասնորդացի այս մտածականները տեղի կ՛ ունենան, իւրաքանչիւր ուրբաթ օր առաւօտեան, որոնցմէ վերջինը պիտի կատարուի 22 Մարտին, Ծաղկազարդի տօնը ու Աւագ Շաբաթը կանխող ուրբաթ օրը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուրբաթ 23 Փետրուար 2024-ի առաւօտեան Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ քառասնորդացի, Մած Պահքի, մտածականներու շարքի առաջինը, զոր ներկայացուց Քահանայապետական Տան Քարոզիչը` Կարդինալ Ռանիերօ Քանթալամեսսան եւ որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Վատիկանի Վերատեսչութիւններուն պատասխանատուներն ու անդամները։

Քառասնորդացի այս մտածականներու շարքը տեղի պիտի ունենայ, իւրաքանչիւր ուրբաթ օր առաւօտեան, որոնցմէ վերջինը պիտի կատարուի 22 Մարտին, Ծաղկազարդի տօնն ու Աւագ Շաբաթը կանխող ուրբաթ օրը։

Կարդինալ Քանթալամեսսան, որպէս այս տարուայ խորհրդածութիւններու նիւթ ընտրած է Մատթէոս Աւետարանիչէն քաղուած «Իսկ դուք ո՞վ կը կարծէք որ ըլլամ» (Մատթ. 16,15) Յիսուսին աշակերտներուն ուղղած հարցումը։

«Այս հարցումը ուղղուած է այսօր մեզմէ իւրաքանչիւրիս եւ ասկէ մեկնելով է որ պիտի տեսնենք թէ ո՞վ է Յիսուս մեզի համար, մեկնելով Յովհաննէսի Աւետարանին մէջ պարունակուած Անոր խօսքերէն. ա) Ես եմ կեանքի հացը. բ)Ես եմ աշխարհի լոյսը. գ) Ես եմ Բարի Հովիւը. դ) Ես եմ յարութիւնն ու կեանքը. ե) Երբ բարձրացնէք Մարդու Որդին այն ատեն պիտի հասկնաք թէ ԵՍ ԵՄ», կը գրէ Կարդինալ Քանթալամեսսան ներկայացնելով խորհրդածութիւններուն նիւթը, ապա կը հաստատէ` թէ «հայեացքը ուղղուած պիտի չըլլայ դէպի դուրս, աշխարհի ու եկեղեցւոյ հարցերուն, այլ իւրաքանչիւրիս ներքին աշխարհին»։

«Պիտի ըլլայ ներածական հայեացք մը, մենք մեզ աւետարանել որպէսզի աւետարանենք, մեր միտքն ու սիրտը լեցնենք Յիսուսով, որպէսզի ետքը աւելի մտերիմ համոզումով ու փորձառութեամբ խօսինք Անոր մասին եւ ոչ թէ լոկ պարտականութեան կամ լսած բան մը փոխանցելու համար» կը բացատրէ Քահանայապետական Տան Քարոզիչը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/02/2024, 09:45