Որոնել

Փրոֆ Անթոնիօ Փաուլուչչի Փրոֆ Անթոնիօ Փաուլուչչի 

Ֆրանչիսկոս Պապին ցաւը Վատիկանի թանգարաններու երբեմնի տնօրէնի մահուան ի լուր

Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի ստորագրութիւնը կրող հեռագիրին մէջ Նորին Սրբութիւնը յիշեց 84 տարեկանին կեանքէն հեռացած Վատիկանի Թանգարաններու երբեմն տնօրէն, աշխարհահռչակ գիտնական փրոֆ Անթոնիօ Փաուլուչչին

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

«Առատաձեռն եւ ձեռնհաս» Վատիկանի թանգարաններու մատուցած ծառայութիւն՝ իրականացուած «գնահատուած արուեստասէր»ի կողմէ»։ Վատիկանի Պետական քարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին ստորագրութիւնը կրող հեռագիրին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ այս խօսքերով կը նկարագրէ Իտալիոյ եւ աշխարհի մէջ ամենայայտնի դէմքերէն մին, Վատիկանի Թանգարաններու երբեմնի տնօրէն, Անթոնիօ Փաուլուչչի դիմագիծը, որ 84 տարեկանին կեանքէն հեռացաւ Ֆիրէնզէ քաղաքին մէջ 4 փետրուար 2024ին։

Անթոնիօ Փաուլուչչի ծնած էր Ռիմինի քաղաք՝ 29 սեպտեմբեր 1939ին։ Ան իր վարած պաշօններու շարքին ի մէջ այլոց եղած է Վենետիկի, Վերոնայի, Մանթովայի եւ Ֆիրենցէի թանգարանային համալիրի տեսուչ եւ Իտալիոյ մշակութային ժառանգութեան նախարար։ 2007ին, նշանակուած է Վատիկանի Թանգարաններուն տնօրէն Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին կամքով։

Ցաւակցական Հեռագիրին մէջ կարդինալ Փարոլին կը նշէ, որ Ֆրանչիսկոս Պապ իմանալով Վատիկանի թանգարաններու երբեմնի տնօրէն Փրոֆ Անթոնիօ Փաուլուչչի մահուան լուրը իր մօտիկութիւնը կը  յայտնէ անոր ընտանեկան պարագաներուն եւ մինչ յիշելով հանգուցեալին Սուրբ Աթռի մատուցած վեհանձն ծառայութիւնը Սրբազան Հայրը իր աղօթքը կ՝ապահովուէ հանգուցեալի հոգիին յաւիտենական հանգստեան համար։ Կարդինալ Փարոլին ցաւակցագիրը կ՝աւարտէ փոխանցելով Ֆրանչիսկոս Պապին առաքելական օրհնութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/02/2024, 10:06