Որոնել

2024.02.02  logo della Giornata mondiale dei bambini.

Ներկայացուեցաւ Մանուկներու Համաշխարհային առաջին Օրը

2024ի Մանուկներու համաշխարհային առաջին Օրուան բնաբանը պիտի ըլլայ Աստուածաշունչէն քաղուած «Ահա ես ամէն բաները նոր կը դարձնեմ» լուսաւոր հատուածը որ Օրուան նուիրուած նշանաբանին մէջ պատկերացուած է մանուկներու ձեռքերու գոյնզգոյն հետքերով, որոնք կը ներկայացնեն նաեւ մշակոյթներու բազմազանութիւնը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուրբաթ` 2 փետրուար 2024ին, Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակի Սուրբ Պիոս Ժ-ին նուիրուած սրահին մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ներկայացումը կատարուեցաւ Մանուկներու Համաշխարհային առաջին Օրուան, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ 25 եւ 26 Մայիսին Հռոմի մէջ, նախաձեռնութեամբ Մշակոյթի ու Կրթութեան Վերատեսչութեան, եւ որուն պիտի մասնակցին համայն աշխարհէն տարբեր ազգութիւններու պատկան հազարաւոր մանուկներ, որոնք ապա հանդիպում պիտի ունենան Ֆրանչիսկոս Պապին հեր։

Մամլոյ ասուլիսին ելոյթ ունեցաւ Կարդինալ Խօսէ Թոլենթինօ տէ Մենտոնսան, վերոնշեալ Վերատեսչութեան Վերատեսուչը, Հայր Էնցօ Ֆորթունաթոն Մանուկներու Համաշխարհային Օրուան համակարգողը- Փրոֆ. Մարքօ Իմփալիացցոն, Սանդ Էճիտիոյ հասարակութեան նախագահ, Մարիա ՊրունելԼի, Auxilium հաստատութեան անդամ եւ գրող Ալտօ Քանիոլի։

Նոյնինքն Ֆրանչիսկոս Պապը յայտարարած էր այս օրուան հաստատումը անցեալ տարուայ 8 դեկտեմբերին, Անարատ Յղութեան տօնին օրը արտասանած Մարեմեան Աղօթքի աւարտին դիտել տալով) թէ «ձեռնարկը կ՛ուզէ պատասխանել հարցումին թէ ի՞նչ տեսակ աշխարհ մը կ՛ուզենք փոխանցել մանուկներուն։ Յիսուսին նման կ՛ուզենք մանուկները դարձնել կիզակէտ ու հոգ տանիլ անոնց։

Փոքրիկներուն նուիրուած յատուկ օրուայ մը գաղափարը յառաջ եկած է 9 տարեկան Ալեսսանտրօ անունով փոքրիկ երախայի մը կողմէ, որ Ֆրանչիսկոս Պապին առաջարկած է այդ օրուան հաստատումը եւ Նորին Սրբութիւնը յօժարակամ ընդունած է գաղափարը։

Նշենք թէ Սուրբ Աթոռի Մշակոյթի ու Կրթութեան Վերատեսչութիւնը նման օր մը հովանաւորած էր անցեալ տարուայ 6 նոյեմբերին, որուն բնաբանը եղած էր «Սորվինք մանուկներէն` Մանուկները կը հանդիպին Ֆրանչիսկոս Պապին հետ» եւ որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին հինգ ցամաքամասերը ներկայացնող 7.500 մանուկներ, որոնց շարքին նաեւ հայ մանուկներ։

2024ի Մանուկներու համաշխարհային առաջին Օրուան բնաբանը պիտի ըլլայ Աստուածաշունչէն քաղուած «Ահա ես ամէն բաները նոր կը դարձնեմ» լուսաւոր հատուածը որ Օրուան նուիրուած նշանաբանին մէջ պատկերացուած է մանուկներու ձեռքերու գոյնզգոյն հետքերով, որոնք կը ներկայացնեն նաեւ մշակոյթներու բազմազանութիւնը։

Եկեղեցին յոյսին ու նոր սերունդներու ապագային պահապանն է եւ ասոր համար է, որ նշանաբանին մէջ պատկերացուած է Սուրբ Պետրոսի գմբէթը` որ կը ողջագուրէ եւ կը հիւրընկալէ ու կը պաշտպանէ փոքրիկները։ Այնտեղ կայ նաեւ լապտերն ու խաչը` լապտերը, որ կը խորհրդանշէ լոյսը ու խաչը, որ խորհրդանիշն է Աստուծոյ Միածին Որդիի մահուան ու յարութեան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/02/2024, 14:00