Որոնել

TOPSHOT-US-MIGRANTS-SHELTER

«Աստուած կը քալէ իր ժողովուրդին հետ». Գաղթականներու եւ Փախստականներու Համաշխարհային 110րդ օրուան բնաբանը

Օրը պիտի յիշատակուի յառաջիկայ 29 սեպտեմբեր 2024ին
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Յառաջիկայ 29 սեպտեմբեր 2024ին կը յիշատակուի Գաղթականներու եւ Փախստականներու Համաշխարհային 110րդ Օրը, որուն այս տարուայ բնաբանն է «Աստուած կը քալէ իր ժողովուրդին հետ»։ Լուրը կը կարդանք Մարդկային Համապարփակ զարգացումի ծառայութեան վերատեսչութեան հրատարակած հաղորդագրութեան մէջ, ուր նաեւ նշուած է, որ «պատգամը պիտի կենտրոնանայ Եկեղեցւոյ շրջագայական հարթութեան վրայ՝ յատուկ հայեացքով մը ուղղուած դէպի գաղթական եղբայրներն ու քոյրերը, որպէս տիպար` ուղեւորութեան մէջ ժամանակակից Եկեղեցւոյ»։

«Այս ուղեւորութիւնը` պէտք է կատարել սիւնհոդոսական կերպով, միասին յաղթահարելու պատնէշներն ու սպառնալիքները ,որպէսզի միասին հասնինք նպատակին, իսկական հայրենիք։ Ճանապարհորդութեան ընթացքին հիմնական է ճանչնալ Աստուծոյ ներկայութիւնը, որ կը քալէ իր ժողովուրդին հետ, անոր ապահովեցնելով պաշտպանութիւն ու առաջնորդութիւն, բայց կարեւոր է նաեւ ճանչնալ Տիրոջ ներկայութիւնը, իւրաքանչիւր գաղթականի մէջ, որ կը թակէ մեր սրտին դուռը եւ կը նուիրուի հանդիպումին» կը կարդանք միշտ  Մարդկային Համապարփակ զարգացումի ծառայութեան վերատեսչութեան վերոնշեալ հաղորդագրութեան մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/02/2024, 12:11