Որոնել

Հանդիպում «Աթլեթիքա Վաթիքանա - Athletica Vaticana»ի կենտրոնակայանին մէջ Սառա Մինքարային հետ Հանդիպում «Աթլեթիքա Վաթիքանա - Athletica Vaticana»ի կենտրոնակայանին մէջ Սառա Մինքարային հետ 

«Athletica Vaticana». մարզանքը «անհաւանական ուժ» հաշմանդամութիւն ունեցող անձերու ներառումին համար

ԱՄՆ նախագահ Պայտընի հաշմանդամութեան գծով «յատուկ խորհրդականը»՝ Սարա Մինքարան երեկ այցելեց Մարզանքի Քահանայապետական ընկերակցութեան կեդրոն՝ հանդիպելով Վատիկանի դրօշի ներքոյ հանդէս եկող մարզիկ Սարա Վարկեթթոյին հետ։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Երկուշաբթի՝ 20 Փետրուարին, «Աթլեթիքա Վաթիքանա - Athletica Vaticana»ի կենտրոնակայանին մէջ կայացաւ հանդիպում Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Պետվարչութեան հաշմանդամներու իրաւունքներու գծով յատուկ խորհրդական Սարա Մինքարային հետ՝ մասնակցութեամբ նաև Վատիկանի դրօշի ներքոյ մրցող հաշմանդամ մարզիկ Սարա Վարկեթթոյին։ Հանդիպումի նպատակն էր քննարկել հաշմանդամութեան հարցերով Մեծ Եօթնեակի յառաջիկայ գագաթնաժողովի նախապատրաստական ​​աշխատանքները, որ պիտի կայանայ այս տարուայ վերջ Իտալիոյ մէջ: Անոր ընթացքին ընդգծուեցաւ մասնաւորապէս այն «անհաւանական ուժը», որ ունի մարմնամարզութիւնը՝ հաշմանդամութիւն ունեցող անձերուն հասարակութեան մէջ ներգրաւելու համար։

«Vatican News»ի հետ զրոյցի ընթացքին ԱՄՆ նախագահի յատուկ խորհրդականը՝ ծագումով մահմետական, նշեց, որ մարմնամարզութիւնը թոյլ կու տայ հաշմանդամութիւն ունեցող անձերուն, «իսկապէս շփման մէջ մտնել սեփական ինքնութեան» եւ «ուրիշներուն հետ», ընդգծելով նաեւ այն «մեծ դերը», որ կրօնը կարող է ունենալ հաշմանդամութիւն ունեցող մարդկանց ներառման գործին մէջ:

Սարա Մինքարան բարձր գնահատեց նաև Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին «գեր կարեւոր» պատգամը՝ անցեալ տարի Լիզպոնի Երիտասարդութեան համաշխարհային օրուայ ընթացքին՝ ուղղուած «բոլորին, բոլորին, բոլորին»։

Սարա Վարկեթթոն՝ իր հերթին, Վատիկանի լրատուամիջոցներուն պատմեց, որ մարմնամարզութիւնը «երկրորդ կեանք, վերածնունդ» եղած է իրեն համար: «Այդ մէկն ինծի շատ օգնեց աճելու և հասուննալու՝ ըլլայ ֆիզիկապէս՝ շարժողական հմտութիւններու առումով, ըլլայ հոգեբանօրէն»:

Ճիզոթթին. կրօններու եւ մշակոյթներու միջեւ երկխօսութեան արժէքը

Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Վատիկանի հաղորդամիջոցներու խմբագրական կազմի տնօրէնութեան, փոխ տնօրէն Ալեսանտրօ Ճիզոթթին, որ ընդգծեց, թէ նման եղելութիւնները ՝ ինչպէս «Athletica Vaticana»ի կողմէ խրախուսուող իրադարձութիւնը, կը խթանեն «լրատուամիջոցներուն աւելի իրազեկելու այն մասին թէ որքանով մարզանքը կարող է օգնել նպաստելու բոլոր մակարդակներուն վրայ ներառումին՝ յատուկէն շեշտելով միջկրօնական և միջմշակութային երկխօսութեան կարեւորութիւնը,․ «յանձնառութիւն, ըսաւ ան, որուն համար յատկապէս հաւատացեալները կոչուած են ներգրաւուելու, ինչպէս կը խնդրէ Ֆրանչիսկոս Պապը»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/02/2024, 12:02