Որոնել

2024.01.04 Le benedettine argentine che risiederanno nel Mater Ecclesiae

Արժանթինցի պենետիկտեան միանձնուհիները ժամանեցին Վատիկան՝ հաստատուելու համար «Mater Ecclesiae» վանքին մէջ

2013 թուականէն սկսեալ Վանքը դարձած էր Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Քահանայապետին տունը, որ վախճանուեցաւ մէկ տարի առաջ՝ Ամանորի գիշերը:
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին հրաւէրով, չորեքշաբթի՝ 3 Յունուարին, Արժանթինէն Վատիկան ժամանեցին Պենետիկտեան միաբանութեան քոյրերը, որոնք բնակութիւն պիտի հաստատեն վատիկանեան պարտէզներուն մէջ տգտնուող «Mater Ecclesiae – Եկեղեցւոյ Մայր» վանքին մէջ։

Միանձնուհիներուն Հռոմի Ֆիումիչինօ օդակայանին մէջ դիմաւորած է Վատիկան Պետութեան Կառավարչատան նախագահ կարդինալ Ֆերնանտօ Վերկես Ալզական։ Ֆրանչիսկոս Պապի որոշումով «Mater Ecclesiae»ին վերաբերող բոլոր հարցերուն համար պատասխանատու է Կառավարչատունը: Իտալիոյ մէջ միանձնուհիներուն ուղեկցած է «Սանթա Սքոլասթիքա տի Վիքթորիայի» աբբասուհին։ Վատիկան Ժամանելուն պէս բոլոր միանձնուհիները աղօթած են Վատիկանի պարտէզներու Լուրտի Տիրամօր նուիրուած արձանին առջեւ:

Յիշեցնենք, որ Ֆրանչիսկոս Պապը անցեալ 1 Հոկտեմբեր 2023ին ստորագրած ինքնագիր նամակով մը Պուէնոս Այրէսի Պենետիկտեան միաբանութեան վեց կրօնաւորուհիները հրաւիրած էր հաստատուելու վերոնշեալ վանքին մէջ եւ անոնք «մեծահոգաբար ընդունած էին Նորին Սրբութեան հրաւէրը»։

Վանքը կառուցուած է Վատիկանի բլուրի մը գագաթին վրայ դեռեւս 25 մարտ 1994ին՝ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետին կամքով։ Ան Վատիկանի միւս շէնքերէն առանձնացած է ու շրջապատուած պարիսպներով եւ գրեթէ մէկ տասնամեակ Պենետիկտոս ԺԶ Վաստակաւոր Քահանայապետին բնակութեան, աղօթքի ու մտածականի վայրը դարձած էր՝ վերջինիս հրաժարականէն ետք մինչեւ Անոր մահը (2 Մայիս 2013 - 31 Դեկտեմբեր 2022)։

Ֆրանչիսկոս Պապի կամքով «Եկեղեցւոյ Մայր» վանքը վերստացաւ իր սկզբնական նպատակը՝ կրկին դառնալով Հայեցողական կեանք ապրող կրօնաւորուհիներու մենաստան, որոնք կը զօրակցին Սրբազան Քահանայապետին՝ Եկեղեցւոյ համար իր ամենօրեայ հոգածութեան մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/01/2024, 11:51