Որոնել

Վատիկանի մէջ մամլոյ ասուլիս Վատիկանի մէջ մամլոյ ասուլիս 

Գերապայծառ Ֆիզիքելլա. Աղօթքի տարի ձայն տալու համար մեր ժամանակուան Աստուծոյ ծարաւին

Այսօր Վատիկանի մամլոյ գրասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ Աղօթքի տարուան ներկայացումը ի նախապատրաստութիւն 2025 յոբելինական տարուան ու անոր հանդիսակատարութեան համար տեղական եկեղեցիներուն տրամադրուող օգնութիւնները

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երեքշաբթի, 23 յունուարին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին մէջ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ներկայացուեցաւ Աղօթքի Սուրբ Տարին եւ «Աղօթքի մասին նշումներ» մատենաշարը՝ ի նախապատրաստութիւն 2025 թուականի յոբելինական Սուրբ տարուան։

Մամլոյ ասուլիսին ելոյթ ունեցաւ ունեցան Աւետարանումի վերատեսչութեան, աշխարհի մէջ աւետարանումի հիմնական հարցերու բաժանմունքի համանախագահ, գերապայծառ Ռինօ Ֆիզիքելլան եւ միեւնոյն վերատեսչութեան ենթաքարտուղար, գերապայծառ Կրահամ Պելը։

Ելոյթին սկիզբը գերապայծառ Ռինօ Ֆիզիքելան նկատել տուաւ, որ Յոբելինական տարին, ոչ միայն քաղաքի վերաբերող շինարարական աշխատանքներ են կամ ալ պարզապէս շարք մը միջոցառումներու կազմակերպութիւն մը այլ պահ մըն է որ նպատակ ունի հոգեպէս հարստացնել« Եկեղեցւոյ եւ ողջ Աստուծոյ ժողովուրդին կեանքը, դառնալով յոյսի շօշափելի նշան մը եւ որպէսզի այդ իրականանայ պէտք է պատրաստուի ու ապրիլ « սեփական հասարակութիւններու մէջ՝ ակնկալիքի հոգիով՝բնորոշ քրիստոնէական յոյսի։

Գերապայծառ Ռինօ Ֆիզիքելլան տեղեկացուց, որ անցեալ 11 փետրուար, 2022ին, ստացած է նամակը մը, որուն մէջ Սրբազան Հայրը իր ուրախութիւնը յայտնած է այն գծորվ որ յոբելինական սուրբ տարուան նախորդող 2024 տարին կը նուիրէ աղօթքի մեծ համանուագին, վերականգնելու համար Տիրոջ մօտ գտնուելու փափաքը ինչպէս նաեւ Զինք լսելու եւ փառաբանելու։

Բացայայտել աղօթքի արժէքը

Գերապայծառ Ֆիզիքելլան նշեց, որ 2024 տարին, յատուկ նախաձեռնութիւններով լի տարի մը չէ, այլ առանձնաշնորհեալ պահ մըն է բացայայտելու համար աղօթքի արժէքը, քրիստոնէական կեանքի մէջ ամենօրեայ աղօթքի պահանջը, ինչպէս նաեւ սորվելու աղօթել եւ յատուկէն ըմբռնել, թէ ինչպէս այսօր կարելի է դաստիարակել թուայնային մշակութային ժամանակաշրջանին մէջ, որպէսզի աղօթքը արդիւնաբեր եւ բեղուն դառնայ, ըսաւ Արքեպիսկոպոսը աւելցնելով որ այսօր շատեր ամէն օր կ՝աղօթեն, գրեթէ ամէն մարդ կ՝աղօթէ, շատեր արագօրէն խաչին նշան կը հանեն եւ շատեր կը մասնակցին ամէն օրեայ սուրբ պատարագին, կան նաեւ աղօթելու շատ ձեւեր, որ ոչ մէկը կրնայ ամբողջութեամբ նկարագրել, որոնց շարքին արագ աղօթքէն մինչեւ վերացական աղօթք, հայեցողականէն մինչեւ ցաւերու համար արցունքով լի աղօթքը, ըսաւ Գերապայծառ Ֆիզիքելլան մատնանշելով որ Աղօթքի տարին կը տեղադրուի այս համատեսքին մէջ ներս ու անոր հանդիսակատարութիւնը յանձնուած է տեղական եկեղեցւոյ, իսկ աւետարանումի վերատեսչութեան դերակատարութիւնը կը կայանայ զօրակցելու մէջ ինչպէս նախատեսուած է թեմերէն, «որպէսզի եկեղեցւոյ աղօթքը կրկին աշխուժացնէ եւ ձերբազատէ իւրաքանչիւր մկրտուածի կեանքը, բոլորին հասանելի դարձնելով։

Գերապայծառ Ֆիզիքեալլա նշեց որ «Այս տարին պիտի յատկանշուի Յիսուսի առաքեալներուն ուղղած արտայայտութիւնով, «Սորվեցուր մեզի աղօթել ու կարիքը ունինք սորվելու եւ աղօթելու եւ Ճշմարիտ վարդապետը միայն Յիսուս Աստուծոյ որդին է, որ Հայր Մեր Տէրունական աղօթքով յեղափոխեց մարդկային աղօթքի աշխարհը, ըսաւ գերպայծառ Ֆիզիքելլա, ան ապա ներկայացնուց տեղական եկեղեցիներուն տրամադրուող օգնութինները. Ֆրանչիսկոս Պապին, 6 յունուար 2020էն մինչեւ 16 յունիս 2021ին, կատարած 38 Քրիստոնէական վարդապետութիւնները, որոնք նկատի կ՝առնեն աղօթքի տարբեր պահերը ու կարելի է վեր ընթերցել ձեռքբերելով օգտակար եւ թանկարժէք առաջարկներ, ինչպէս նաեւ «Աղօթքի նշումներ» մատենաշարը, Վատիկանի տպագրատան նախաձեռնութիւնը, որ այժմէն պիտի հրապարակէ շարք մը ութը կարճ բնագիրներ, որոնք կը խորացնեն աղօթելու քրիստոնէական արարքի տարբեր ծաւալները, ստորագրութեամբ միջազգային նշանաւոր հեղինակներուն եւ հովանաւորութեամբ Աւետարանումի վերատեսչութեան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/01/2024, 14:31