Որոնել

2019.01.21 Vaticano, Palazzo Sant Uffizio, Congregazione per la Dottrina della Fede

«Fiducia supplicans»-ին արձագանքներ. Հաւատոյ վարդապետութեան Վերատեսչութեան մամլոյ հաղորդագրութիւնը

Հաւատոյ վարդապետութեան Վերատեսչութեան Վերատեսուչի և քարտուղարի կողմէ ստորագրուած մամուլի գրութիւն. ամուսնութեան մասին վարդապետութիւնը չի փոխուիր, եպիսկոպոսները կարող են որոշել փաստաթուղթին կիրառումը ըստ իրավիճակին, հովուական օրհնութիւնները համեմատելի չեն ծիսակարգի կամ արարողութիւններուն հետ։
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք

Օրհնութիւններու նշանակութեան մասին «Fiducia supplicans» վարդապետութեան հռչակագրի հրապարակումը անցեալ դեկտեմբերի 18-ին անմիջապէս յառաջացուց տարբեր արձագանքներ, ըլլայ եպիսկոպոսներու ինչպէս նաեւ ամբողջ եպիսկոպոսական դասերու կողմէ: Երկու շաբաթ անց, այսօր առաւօտեան, Հաւատքի Վարդապետութեան Վերատեչսութեան Վերատեսուչ` կարդինալ Վիքթոր Մանուել Ֆերնանտեսը եւ վերատեսչութեան քարտուղար` գերապայծառ Արմանտօ Մաթթէօ հրապարակեցին բացատրական մամուլի հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ անգամ մը եւս ընդգծուեցաւ, թէ Փաստաթուղթը, ինչպէս յայտնի է, բացուածք է անկանոն զոյգերու (ոչ անոնց միութեան) կարճ և պարզ հովուական օրհնութիւններ (ոչ պատարագային կամ ծիսական) շնորհելու հնարաւորութեան՝ ընդգծելով, որ «անոնք օրհնութիւններ են առանց ծիսական կարգի, որոնք ոչ կը հաստատեն եւ ոչ ալ կ՛արդարացնեն իրավիճակը, որուն մէջ յայտնուած են այս մարդիկը»:

Մամլոյ Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է նաեւ, թէ տեղական իւրաքանչիւր եպիսկոպոս, փաստօրէն, միշտ ունի «զատորոշելու» ուժն ու իշխանութիւնը, յատկապէս այն վայրին մէջ, ուր ան կը գտնուի եւ զոր կը ճանչնայ միւսներէն աւելի։

Արդարեւ «Եկեղեցական համատեքստին եւ տեղական մշակոյթին հայող խոհեմութիւնն ու ուշադրութիւնը, կարող են թոյլ տալ կիրառման տարբեր մեթոդներու, սակայն «փաստաթուղթի գծած ճանապարհը չէ կարելի ժխտել» կը կարդանք հաղորդագրութեան մէջ, ուր ապա կ՛ընդգծուի «Fiducia supplicans»ի ներմուծած նորութիւնը` այն է թէ պէտք է զանազանութիւն դնել «ծիսական օրհնութիւններու» եւ «հովուական օրհնութիւններու» միջեւ ու թէ այս վերջինս «անձի կամ զոյգի օծումը չէ»...եւ ոչ ալ «գործողութիւններու արդարացումը։ Անիկա ապրուած կեանքին վաւերացում չէ», եւ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Ամուսնութեան Խորհուրդին հայող Վարդապետութիւնը կը մնայ նոյնը:

Այս օրհնութիւնները պատասխանն են հովիւի մը, որ կ՛ընդառաջէ անձերու, որոնք կը հայցեն Աստուծոյ օգնութիւնը։ Հովուական մօտիկութեան պարզ արտայայտութիւններ, որոնք չեն ներկայացներ այն նոյն պահանջները, որ ունին Խորհուրդները եւ ծիսակատարութիւնը։

Հաղորդագրութեան մէջ ապա կը ներկայացուի պարզ օրինակ մը` թէ ինչպէս կատարել այս կարճ ու պարզ օրհնութիւնները, անգամ մը եւս յանձնարարելով` որ այդ մէկը երբեք չի կատարուի որեւէ ծիսական արարքի մը ներքոյ։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/01/2024, 12:10