Որոնել

Քլիփերթոն կղզիին վրայ Վատիակնի դրօշակը Քլիփերթոն կղզիին վրայ Վատիակնի դրօշակը  

Վատիկանի դրօշակը բարձրացած է Քլիփերթոն կղզիին վրայ

Կը շարունակուի միջազգային ռատիոսիրողներու առաքելութիւնը Խաղաղ Ովկիանոսի արեւելքը գտնուող, Ֆրանսացիներու պատկան Քլիփերթոն անուան կղզիին վրայ։ Առաջին անգամն է որ Սուրբ Աթոռի դրօշակը կը փոխադրուի այսպիսի միջազգային առաքելութեամբ, որուն նպատակն է բազմաթիւ ռատիոսիրողներուն հնարաւորութիւն տալ կապ հաստատելու Քլիփերթոն անուան կղզիին հետ։

Վագգէն Աբարդեան - Վատիկան

Վատիկանի դրօշակը ծածանուած է խաղաղ Ովկիանոսի արեւելքը գտնուող Ֆրանսացիներու պատկան Քլիփերթոն անուան կղզիին վրայ, ուր ժամանած են Ռատիոսիրողներուն խումբ մը կապ հաստատելու համար աշխարհի բոլոր Ռատիոսիրողներուն հետ։

Սա առաջին անգամն է, որ Սուրբ Աթոռը կը մասնակցի այսպիսի առաքելութեան՝ Ֆրանչեսքօ Վալսէքքի միջոցաւ, որ միակն է Վատիկանի հաշւոյն արտօնութիւն ունեցաւ հաղորդելու HV0A անուանումով։

Միացեալ Նահանգներէն, Գերմանիայէն, Պրազիլէն, Նիւ Զիլանտիայէն եւ Տաժկիստանէն մեկնած 16 ռատիոսիրողները կղզի հասան հինգ օր առաջ ,Սան Տիեկոյէն եօթ օր նաւարկելէ ետք ու կղզիին ափին վրայ ստեղծած են հաղորդակցութեան կեդրոն մը՝ ամբողջ աշխարհը սփռելու համար։ Քլիփփերթոն կղզին առաջին անգամն է, որ կը կապուի Վատիկանի Պետութեան հետ՝ Կուլիէլմօ Մարքոնի շէնքին մէջ տեղադրուած կայանէն ստանալով ազդանշանը։

Ռատիոսիրողները կղզիի պիտի մնան տասը օր, որոնց ընթացքին պիտի փորձեն կապ հաստատել շուրջ 150 հազար Ռատիսիրողներուն հետ, որոնք պիտի կարողանան իրենց յաջող կապերու մէջ աւելցնել Քլիփերթընը՝ Ռատիոսիրողներուն կողմէ ճանչցուած 340 տարածքներէն մէկը։

Ռատիոսիրող Վալսէքի Իտալացի այն քիչերէ մէկն է, որ արձանգրած է հաղորդակցութիւնները ու Կղզիին վրայ պիտի ձգեն Ֆրանչիսկոս Պապին. «ԻՆչո՞ ւ կը վախնաք» վերնագիրով գրքոյկը, որուն մէջ ամփոփուած է համաճարակի օրերուն Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ ,Ֆրանչիսկոս Պապին արտասանած աղօթքը՝ «Statio Orbis»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/01/2024, 13:23