Որոնել

2024.01.16 cardinale Sergio Sebastiani

Ֆրանչիսկոս Պապին ցաւակցութիւնները ի լուր Կարդինալ Սերճօ Սեպասթիանիի մահուան

«Ան վեհանձն օրէն իր կեանքը նուիրեց Աւետարանի եւ Առաքելական Աթոռի ծառայութեան, իմ նախորդներուս կողքին, որոնք իրեն յանձնեցին կարեւոր պատասխանատուութիւններ, Վատիկանի դիւանագիտութեան ասպարէզէն ներս մինչեւ Սուրբ Աթոռի տնտեսական գործերու կառավարիչի պաշտօնը» գրեց Ֆրանչիսկոս Պապը այս առթիւ ուղղած ցաւակցական հեռագիրին մէջ յիշելով նաեւ Ծիրանաւորին սատարը 2000 թուականի մեծ Յոբելեանին ի նպաստ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

92 տարեկանին` երեքշաբթի 16 Յունուարին, իր հոգին աւանդեց առ հայր Իտալացի կարդինալ Սերճօ Սեպասթիանի, որ երկար տարիներու ծառայութիւն մատուած էր Վատիկանի ու Սուրբ Աթոռի տարբեր գրասենեակներու ներքոյ։

Ան կարդինալական տիտղոսը ստացած էր Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ ձեռամբ 2001 թուականին։ Ծնած էր 11 ապրիլ 1931ին, Մոնթեմոնաքօ գիւղաքաղաքին մէջ։

Երիտասարդ տարիքին մուտք գործած էր Ասքոլի Փիչենօ Թեմի նորընծայարան եւ 1946ին անցած էր Ֆերմօ թեմի նորընծայարան` շարունակելու համար իր ուսումները, մինչ 1951էն սկսեալ յաճախած է Հռոմի Ք. Գրիգորեան Համալսարանը աւարտելով փիլիսոփայութեան ու աստուածաբանութեան մասնաճիւղերը ապա Լատերանի Ք Համալսարանէն ներս աւարտած է Եկեղեցական Կանոնագիտութեան մասնաճիւղը։

Քահանայ ձեռնադրուած է` 15 Յուլիս 1956ին ապա յաճախած է Եկեղեցական Քահանայապետական Ակադեմիան ու զայն աւարտելէն ետք սկսած է իր դիւանագիտական ծառայութիւնը աշխարհի տարբեր երկիրներու Քահանայապետական դեսպանութիւններու ներքոյ։

1967ին կը վերադառնայ Հռոմ ու ծառայութիւն կը մատուցէ Պետական Քարտուղարութեան մէջ հուսկ 1974ին դարձեալ կ՛ուղարկուի առաքելութեամբ նախ Փարիզ ապա Մատակասկար։ Եպիսկոպոսական օծումը կը ստանայ 30 Հոկտեմբեր 1976ին։

Յովհաննէս Պօղոս Բ զայն կ՛անուանէ Թուրքիոյ մօտ առաքելական նուիրակ հուսկ

16 նոյեմբեր 1994ին զայն կը կոչէ Հռոմ` անոր յանձնելով 2000 թուականի Յոբելենական Տարւոյն պատրաստութեան պատասխանատուութիւնը եւ 3 նոյեմբեր 1997ին, միշտ Յովհաննէս Պօղոս Բ, զինք կը նշանակէ «Տնտեսական գործերու» կառավարիչ։ Պաշտօն` որ ան կը վարէ մինչեւ 2008ի ապրիլ ամիսը։

Որպէս Ծիրանաւոր ան մասնակցեցաւ նաեւ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընտրող կարդինալական ժողովին` 2005 թուականին։

Երջանկայիշատակ Ծիրանաւորին յուղարկաւորութեան արարողութիւնը նախատեսուած է չորեքշաբթի 17 Յունուար 2024ի ժամը 14.30ին Սուրբ Պետրոս Պազիլիքային մէջ։ Արարողութիւնը կը գլխաւորէ Կարդինալական Դասին աւագերէց Կարդինալ Ճովաննի Պաթթիսթա Ռէ, մինչ Ֆրանչիսկոս Պապը պիտի գլխաւորէ «Վերջին հրաժեշտի գովասանքի» կարգը։

Կարդինալ Սեպասթիանիի մահով Կարդինալական դասի անդամներուն թիւը կ՛իջնէ 239ի, որոնցմէ 132 պապ ընտրելու իրաւունքով կարդինալներ իսկ 107 ոչ ընտրող։

Քահանայապետին ցաւակացական հեռագիրը

Կարդինալ Սեպասթիանիի մահուան ի լուր Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ցաւակցական հեռագիր ուղղեց անոր հարազատ Լուչիանօ Սեպասթիանիին որուն մէջ իր ցաւն ու վիշտը յայտնելով ընդգծեց ննջեցեալին նախանձախնդիր Քահանայի տիպարը ու շնորհակալութիւն յայտնեց Ամենակալին անոր տուած վկայութեան համար, որ «վեհանձն օրէն իր կեանքը նուիրեց Աւետարանի եւ Առաքելական Աթոռի ծառայութեան, իմ նախորդներուս կողքին, որոնք իրեն յանձնեցին կարեւոր պատասխանատուութիւններ, Վատիկանի դիւանագիտութեան ասպարէզէն ներս մինչեւ Սուրբ Աթոռի տնտեսական գործերու կառավարիչի պաշտօնը» գրեց Ֆրանչիսկոս Պապը յիշելով նաեւ Ծիրանաւորին սատարը 2000 թուականի մեծ Յոբելեանին ի նպաստ։

Քահանայապետը հեռագիրը աւարտեց իր աղօթքները բարձրացնելով հանգուցեալի հոգւոյն հանգստեան համար ու իր մխիթարական օրհնութիւնները շնորհելով ընտանեկան պարագաներուն ու բոլոր անոնց` որոնք կը գուժեն անոր մահը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/01/2024, 13:45