Որոնել

Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը ռացինկերեան մրցանակակիրներ Փրոֆ Փապլօ Պլանքօ Սարթոյին եւ Փրոֆ Ֆրանչէսք Թոռալպային հետ Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը ռացինկերեան մրցանակակիրներ Փրոֆ Փապլօ Պլանքօ Սարթոյին եւ Փրոֆ Ֆրանչէսք Թոռալպային հետ   (VATICAN MEDIA Divisione Foto)

Կարդինալ Փարոլին․ Պենետիկտոս ԺԶի ժառանգութիւնը արգասաբեր կը դարձնէ Եկեղեցին

Վատիկանի Պետքարտուղարը Առաքելական Պալատի Ռէճիա դահլիճէն ներս Փրոֆ․ Փապլօ Պլանքօ Սարթոյին եւ Փրոֆ․ Ֆրանչէսք Թոռալպային յանձնեց «Ռացինկեր» քահանայապետական հիմնարկի մրցանակները։ Մրցանակաբաշխութեան ծիրէն ներս լայնածաւալ խորհրդածութիւններ կատարուեցան Պենետիկտոս ԺԶի ձգած ժառանգութեան շուրջ՝ Անոր վախճանումէն մէկ տարի անց։

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Այս տարի «Ժոզէֆ Ռացինկեր– Պենետիկտոս ԺԶ» քահանայապետական հիմնարկի մրցանակաբաշխութեան արարողութիւնը` որ տեղի ունեցաւ 30 Նոյեմբերին Առաքելական Պալատի Ռէճիա անուան դահլիճէն ներս, նախագահեց Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը։ Այս եղաւ առաջին մրցանակաբաշխութիւնը՝ Վաստակաւոր Պապի մահուընէ ետք։

«Բարձր թռչելով բանականութեան եւ հաւատքի երկու բաց թեւերով, թէեւ միշտ խոնարհութեամբ, ջանքով ու հաստատակամութեամբ», այս խօսքերով Կարդինալ Փարոլինը բնորոշեց Պենետիկտոս ԺԶ Պապի կողմէ թողած կենդանի ժառանգութիւնը, որ «պտուղներ պիտի տայ Եկեղեցւոյ ապագայ ճանապարհին» եւ, որ «բնութագրուած է աշխարհի մշակութային եւ հոգեւոր իրավիճակի», ժողովուրդներու միջեւ եւ մարդու ու արարչագործութեան միջեւ առկայ լարուածութեան գիտակցումով:

Շարունակականութիւն Ֆրանչիսկոս Պապին հետ

Փարոլինը նկատեց նաեւ, որ Պենետիկտոս ԺԶի խոր գաղափարները տարբեր նիւթերու եւ խնդիրներու շուրջ՝ եթէ նկատի առնենք Անոր «Caritas in Veritate» Յորդորագիրի՝ «Laudato si’» e «Fratelli Tutti» շրջաբերականներուն վրայ ազդեցութիւնը, ամուր շարունակականութեան մէջ են Ֆրանչիսկոս Պապի վարդապետութեան հետ։ Ան ուղեցոյց եղած է նաև հոգեւորականութեան անդամներու սեռական բռնութեան ճգնաժամի դէմ պայքարի մէջ, շարունակեց Պետքարտուղարը, «որու լրջութիւնը արդեն նկատած էր, որպէս կարդինալ եւ որով ստիպուած եղած էր զբաղուիլ իր ողջ Քահանայապետութեան ընթացքին»:

Հայր Լոմպարտի. Ան մեզի սորվեցուց փնտռել եւ գտնել ճշմարտութիւնը

Խօսք առաւ նաեւ, ի միջի այլոց, «Ժոզէֆ Ռացինկեր» հիմնարկի նախագահ, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի երբեմնի տնօրէն Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտին, որ շեշտեց թէ՝ Պենետիկտոս ԺԶն երբեք մտադրութիւն չէ ունեցած կառուցել իր սեփական մտածողութեան համակարգը կամ հիմնել իր դպրոցը, բայց սորվեցուցած է մեզի փնտռել եւ գտնել ճշմարտութիւնը բանականութեան ուժով եւ հաւատքի լոյսով»։

Ռացինկերեան մրցանակի 2023 թուականի դափնեկիրներն են՝ աստուածաբան Փրոֆ․ Փապլօ Պլանքօ Սարթոն եւ փիլիսոփայ Փրոֆ․ Ֆրանչէսք Թոռալպան։

Փրոֆ․ Փապլօ Պլանքօ Սարթոն Ռացինկերի աստուածաբանութեան գիտնական է, ծնած է 12 Յուլիս 1964 թուականին, Սպանիոյ Սարագոսա քաղաքին մէջ։ Իր աստուածաբանական ուսումնառութիւնն աւարտած է Հռոմի Սուրբ Խաչ Քահանայապետական ​​Համալսարանին մէջ: Քահանայ ձեռնադրուած է 1997ին։ 2005 թուականին Նավարայի համալսարանի մէջ պաշտպանած է աստուածաբանութեան վարդապետական աստիճանը՝ Ժոզէֆ Ռացինկերի հիմնարար աստուածաբանութեան եւ կրօններու վերաբերեալ ուսումնասիրութեամբ։ Անոր կեանքի, միտքի եւ ստեղծագործութեան վերաբերեալ բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններու եւ հատորներու հեղինակ է։ Ներկայիս նոյն Համալսարանի Փրոֆեսոր է։

Փրոֆ․ Ֆրանչէսքօ Թոռալպա Ռոսեյոն փիլիսոփայ եւ աստուածաբան է, ծնած 15 Մայիս 1967 թուականին, Պարսելոնայի մէջ, ամուսնացած է եւ ունի հինգ երեխայ։ Վարդապետութեան կոչումներ պաշտպանած է չորս համալսարաններէն ներս․ փիլիսոփայութիւն՝ Պարսելոնայի համալսարանի մէջ (1992), աստուածաբանութիւն՝ Քաթալոնիա (1997), մանկավարժութիւն՝ Ռամոն Լլուլի համալսարան (2018) եւ Պատմութիւն, հնագիտութին եւ քրիստոնէական արւեստ՝ Ateneu Universitari Sant Pacià համալսարան (2022): Ներկայիս Ռամոն Լլուլի համալսարանի Փրոֆեսոր է եւ հեղինակ է աւելի քան 1800 յօդուածներու եւ 100էն աւելի գիրքերու։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/12/2023, 12:30