Որոնել

Կարդինալ Քրայեւսքիի այցը Նազարեթ քաղաք Կարդինալ Քրայեւսքիի այցը Նազարեթ քաղաք 

Կարդինալ Քրայեւսքի. «Սուրբ Երկիրը կայուն եւ հարազատ խաղաղութեան կոչ կ՝ուղղէ»

Ֆրանչիսկոս Պապին ողորմանաբշխ կարդինալ Քոնրատ Քրայեւսքի այցելեց Սուրբ Երկիր, ֆրանչիսկոս Պապին Սուրբ Ծննդեան շնորհաւորութիւններն ու ողջոյնները փոխանցելու համար քրիստոնեայ հասարակութեան։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Վերջ գտաւ Ֆրանչիսկոս Պապին ողորմնաբաշխ, կարդինալ Քրայեւսքիի այցը Սուրբ Երկիր։ Այցելութեան վերջընթեր օրը Կարդինալը Նազարեթի մէջ աղօթքի պահեր անցուց Քրիստոնեայ հասարակութեան հետ։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին ողորմնաբաշխ, Բարեգործական Ծառայութեան վերատեսչութեան վերատեսուչ, կարդինալ Քոնրատ Քրայեւսքի, Յիսուսի Սուրբ Ծննդեան տօնին օրերուն այցելելով Սուրբ Երկիր ու հանդիպում ունենանլով Սուրբ Երկրի Քրիստոնեայ հասարակութեան հաւատացեալներուն հետ փոխանցեց  Ֆրանչիսկոս Պապին Յիսուսի Սուրբ Ծննդեան տօնին շնորհաւորութիւններն ու ողջոյնները ու աղօթք բարձրացուց առ Աստուած Սուրբ Երկրի եւ աշխարհի խաղաղութեան համար։

«Նորին Սրբութիւնը զիս ուղարկեց Սուրբ Երկիր Զինք ներկայացնելու համար այս Սուրբ Գրային վայրերուն մէջ՝ ուր քրիստոնեաները կ՝աղօթեն խաղաղութեան համար։ Ուղարկուեցայ աղօթելու համար անոնց հետ Պապին անունով» ըսաւ Կարդինալ Քրայեւսքի «Վատիկան Նիւզ»ի հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին՝ անդրադառնալով Երուսաղեմ, Բեթղեհեմ եւ Նազարեթ քաղաքները կատարած այցելութիւններուն մասին։

Սուրբ Ստփեանոսին տօնին օրը, 26 դեկտեմբերին, ծիրանաւորը Կազայի ժողովրդապետի հետ միասին այցելեց Նազարեթ քաղաքին մէջ Աւետման Տաճար, ուր հաւատացեալներուն հետ միասին աղօթք բարձրացուց աշխարհի մէջ խաղաղութեան համար։ Նազարեթի մէջ Պապին ողորմնաբաշխը այցելեց նաեւ կրօնային կարգ մը հասարակութիւնները, որոնց շարքին Նազարեթի Սուրբ Ընտանիքի քոյրերը, եւ Ֆաթէպէնէֆրաթելլի միաբանութեան անդամները։

Նազարէթի մէջ կարդինալ Քրայեւսքի  բարձրացաւ Երանութիւններուն լերան վրայ ու աղօթք բարձրացուց առ Աստուած ի միտ ունենալով լերան վրայ արտասանած Յիսուսի այն խօսքը «երանի խաղաղութեան գործիչներուն։

Սուրբ Երկիր կատարած այցելութեան վերջին օրը կարդինալ Քրայեւսքին հանդիպեցաւ Երուսաղեմի եղբայրսիրութեան միսիոնարները քոյրերու հետ ու անոնց հետ կիսեց Կազայի մէջ գտնուող երեք քոյրերու կորուստի տառապանքը, որոնց մասին տակաւին ոչ մէկ տեղեկութիւններ կան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/12/2023, 10:44