Որոնել

Սուրբ Պետրոս Հրապարակ (արխիւ) Սուրբ Պետրոս Հրապարակ (արխիւ) 

Շաբաթ օրը՝ 9 դեկտեմբերին Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ տեղի պիտի ունենայ Ծննդեան Մսուրի բացումը եւ Տօնածառին լուսաւորումը

Վատիկան Պետութեան Կառավարչատան կողմէ այսօր տարածուած մամլոյ հաղորդագրութենէն կը տեղեկանանք նաեւ, որ Մսուրի բացումը եւ Տօնածառի լուսաւորումը պիտի կատարեն կարդինալ Վերկես Ալզական եւ քոյր Փեթրինին։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

5 Դեկտեմբեր 2023ին, Վատիկան Պետութեան Կառավարչատան կողմէ տարածած մամլոյ հաղորդագրութենէն կը տեղեկանանք, որ առաջիկայ 9 դեկտեմբերին ժամը 17․00ին Կառավարչատան նախագահ կարդինալ Ֆերնանտօ Վերկես Ալզական եւ Ընդհանուր քարտուղար քոյր Ռաֆֆաելլա Փեթրինին Սուրբ Պետրոս Հրապարակին վրայ պիտի կատարեն Ծննդեան Մսուրին բացումը եւ Տօնածառին լուսաւորումը։

Արարողութեանը մասնակցութեան նպատակով Սուրբ Պետրոս պիտի ժամանեն Մսուրի ու Տօնածառի նուիրատու վայրերու՝ համապատասխանաբար Լացիո նահանգի Ռիեթիի թեմի Ռէաթինա հովիտ եւ Փիեմոնթե նահանգի Սալուցոյի թեմ Մաքրա գիւղաքաղաք, եկեղեցական, նահանգային, քաղաքային պատասխանատուներու կողմէ գլխաւորած պատուիրակութիւնները։

Մասնաւորապէս ներկայ պիտի ըլլան ի միջի այլոց Ռիեթիի Եպիսկոպոս Գերապայծառ Վիթօ Փիչչինոննան, Սալուցոյի Եպիսկոպոս Գերապայծառ Քրիսթիանօ Պոտոն, Փիեմոնթե նահանգի նախագահ Ալպերթօ Չիրիոն։

Նոյն օրը առաւօտեան պատուիրակութիւնները առիթը պիտի ունենան հանդիպելու Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին հետ՝ նուէրները պաշտօնական կերպով յանձնելու համար։

Մսուրը եւ Տօնածառը պիտի մնան հրապարակին վրայ մինչեւ Քրիստոսի մկրտութեան տօնը՝ կիրակի, 2024ի յունուար 7ը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/12/2023, 12:20