Որոնել

Գերպ Ֆիզիքելլա. Մսուրը էականութեան գեղեցկութիւնն է

Սուրբ Պետրոսի հրապարակին ձախ կողմը բացումը կատարուեցաւ 100 մսուրներու ցուցահանդէսին

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ուրբաթ, 8 դեկտեմբերին, յետմիջօրէին ժամը 4ին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակի ձախ կողմի «Պերնինի» սիւնաշարին մօտ  տեղի ունեցաւ Մսուրներու ցուցահանդէսին բացումը, ներկայութեամբ Աւետարանումի վերատեսչութեան համանախագահ, Գերապայծառ Ռինօ Ֆիզիքելլայի եւ Սուրբ Աթոռի մօտ Իտալիոյ հանրապետութեան դեսպան, Տիար Ֆրանչեսքօ Տի Նիթթոյի։

Այս տարուան 100 մսուրներու ցուցահանդէսին նպատակն է, յիշել Յիսուսի սուրբ Ծնունդը պատկերացնող առաջին մսուրի իրականացումը Իտալիոյ Ռիէթի քաղաքի Կրէչիոյ գիւղին մէջ, զոր իրականացուց Սուրբ Ֆրանչիսկոսը՝ 1223 թուականին։

100 մսուրներու ցուցահանդէսի բացման արարողութեան երգերով հանդէս եկան Կրէչիօ քաղաքապետարանի մանուկներու երգչախումբը ինչպէս նաեւ Վատիկանի ոստիկանատան մարմնի նուագախումբը։

Մսուրներու ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ ու կարելի է այցելել մինչեւ 7 յունուար 2024ին, ամէն օր ժամը 10էն մինչեւ երեկոյեան 7,30։

Աւետարանումի վերատեսչութեան համանախագահ, Գերապայծառ Ռինօ Ֆիզիքելլա, մսուրներու ցուցահանդէսի բացման արարողութեան ընթացին, «Վատիկան Նիւզ»ի հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին ընդգծեց, որ մսուրը ներգրաւուածութիւնն է։

Սուրբ Ֆրանչիսկոսը հիանալի գաղափար ունեցաւ եւ վերադառնալով Քրէչօ գիւղը կատարեց այն ինչ որ եկեղեցին միշտ ներկայացուցած է. Միայն ուզեց զայն ուղղակի կատարել ներգրաւելով անձերը։ Որովհետեւ Ծնունդը սա է, ժողովուրդի ներգրաւում։

«Մսուր բաղկացած է բազմաթիւ նշաններէ, առաջին նշանը առժամանակեայ նշանն է։ Աստուած կը ծնի հոն ուր քիչ անձեր կան՝ Մարիամը, Յովսէփը եւ մի քան հովիւները, այսինքն կը ծնի հոն ուր էականը կայ»։ Մսուրը գեղեցիկ է երբ կը կեդրոնանայ այս երեւոյթին վրայ», ըսաւ գերապայծառ Ֆիզիքելլան։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/12/2023, 12:32