Որոնել

Կարդինալ Փարոլին Վատիկանի գրադարանավարութեան դպրոցի նոր աթոռի բացումի ընթացքին Կարդինալ Փարոլին Վատիկանի գրադարանավարութեան դպրոցի նոր աթոռի բացումի ընթացքին 

Վատիկանի գրադարանավարութեան դպրոցը բացաւ իր նոր մասնաճիւղը

Վատիկանը իր դիւանով եւ մատենադարանով, համաշխարհային գետնի վրայ բարձր ճանչցուած, թէ՛ իր պահպանած փաստաթուղթերով, թէ՛ տարիներու հոլովոյթին ձեռք բերուած որակեալ հմտութիւններուն աճի աշխատանքի համար»

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Երկուշաբթի, 27 նոյեմբերին տեղի ունեցաւ Հռոմի Քոնիչիլիացիոնէ պողոտային վրայ գտնուող Վատիկանի գրադարանավարութեան դպրոցին նոր երրորդ Աթոռի բացումը, ներկայութեամբ ի մէջ այլոց Վատիկանի պետքարտուղար, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի, Վատիկանի առաքելական մատենադարանի գրադարանապետ, Արքեպիսկոպոս Զանիին եւ մատենադարանի վերատեսուչ, Հայր Մաուրօ Մանթովանիի, դպրոցի ուսուցիչներու եւ աշակերտներուն։

Յիշեալ դպրոցի նոր Աթոռի բացումը կատարուեցաւ, Վատիկանի գրադարանավարութեան դպրոցին հիմնադրութեան 90-րդ տարեդարձին շրջագիծէն ներս, որ հիմնուած է 1934 թուականին, Պիոս ԺԱ Պապին օրով։

Բացման արարողութեան ընթացքին, Վատիկանի պետքարտուղար, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին իր արտասանած խօսքին մէջ մատնանշեց, որ Վատիկանի գրադարանավարութեան դպրոցի կարեւորագոյն այցէքարտը՝ շօշափելի իրաւասութիւնն է, շնորհիւ նաեւ Վատիկանի առաքելական մատենադարանին, որ իր դռները բացաւ որպէս կազմաւորումի տարրալուծարան եւ նոր Աթոռի բացումն ու 90-րդ ամեակը նպատակ ունի, նոր թափ տալ այս կազմաւորումի հաստատութեան, որ դաստիարակած է բազմաթիւ փորձագէտներ,կղերականներ, եւ աշխարականներ։

Կարիդնալ Փարոլին ապա գոհունակութեամբ ընդգծեց, որ 2018 թուականէն մինչեւ այսօր իրականացուած են կարեւոր քայլեր՝ ընդլայնելու եւ կազմակերպելու համար կազմաւորումի աշխատանքը եւ Վատիկանի գրադարանավարութեան դպրոցը դարձած է երկամեայ եւ հարստացած է բարձր մակարդակի գիտնականներու հետ համեմատութեան փորձառութիւններով, այդպիսիով կը փափաքի պաշտօնապէս արձագանգել եւրոպայի եւ աշխարհի մէջ բոլոր բարձրագոյն կրթական կառոյցներու ընդհանուր այժմէացման։

Վատիկանի գրադարանավարութեան դպրոցի նոր աթոռի բացման արարողութեան աւարտին, «Վատիկան Նիւզ»ի հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին արքեպիսկոպոս Զանի յիշեց, որ Վատիկանի գրադարանավարութեան դպրոցի կողքին կը գտնուի աշխարհին մէջ իր տեսակին մէջ առաջիններէն մէկը՝ վատիկանի դիւանագիտութեան եւ հնագրութեան դպրոցը, որ 2024 թուականի պիտի նշէ իր 140րդ տարեդարձը։

«Վատիկանը իր դիւանով եւ մատենադարանով, համաշխարհային գետնի վրայ բարձր ճանչցուած եւ կարեւոր կեդրններէն մէկն է թէ՛ իր պահպանած փաստաթուղթերով, թէ՛ տարիներու հոլովոյթին ձեռք բերուած որակեալ հմտութիւններուն աճի աշխատանքի համար», ըսաւ Վատիկանի առաքելական մատենադարանի գրադարանապետը։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/11/2023, 10:37