Որոնել

Պաղեստինի եւ Իսրայէլի միջեւ պատերազմ Պաղեստինի եւ Իսրայէլի միջեւ պատերազմ  (AFP or licensors)

Սուրբ Աթոռ. Իսրայէլի եւ Պաղեստինի միջեւ արդարութեան եւ խաղաղութեան առաւելագոյն յանձնառութիւն

Ժընեւի մէջ Միացեալ Ազգերու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու մօտ Վատիկանի դիտորդ, արքեպիսկոպոս ԷթթորԷ Պալեսթրերոյի ելոյթը «օգնել Պաղեստինցիներուն» նիւթով ժողովի ընթացքին

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

ՄԱԿ-ի Առևտուրի եւ զարգացման համաժողովի 74-րդ նստաշրջանին, որուն նիւթը եղաւ օգնութիւն Պաղեստինի ժողովուրդին, Ժընեւի մէջ Միացեալ Ազգերու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու մօտ Վատիկանի դիտորդ արքեպիսկոպոս ԷթթորԷ Պալեսթրերօ ելոյթ ունեցաւ, իր եւ Սուրբ Աթոռի խոր մտահոգութիւնը ու ցաւը յայտնելով Իսրայէլի եւ Պաղեստինի միջեւ պատերազմին գծով։

Ելոյթին մէջ Վատիկանի դիւանագէտը Սուրբ Աթոռի անունով դատապարտելց անցեալ 7 հոկտեմբերին, Իսրաէլի մէջ Համասի կողմէ գործադրուած ահաբեկչական յարձակումները՝ անմեղ քաղաքայիններուն դէմ եւ խոր մտահոգութիւնը յայտնեց Կազայի մէջ մարդասիրական տագնապի գծով, որուն հետեւանքով ցարդ մահացած են Պաղեստինցի հազարաւոր անմեղներ, որոնց շարքին 5000 երեխաներ։

Սուրբ Աթոռի յանձնառութիւնը

Գերապայծառ Պալեսթրերօ ընդգծեց  թէ Սուրբ Աթոռը Լիովին յանձնառու կը մնայ զարգացնելու Իսրայէլի եւ Պաղեստինի միջեւ խաղաղութիւնն ու արդարութիւնը, Ան յիշեց  հազարաւոր անձերու դաժան սպանութիւնն ու վիրաւորումը եւ հարիւրաւոր պատանդներու ներկայութիւնը, ներառեալ երեխաներ եւ տարեցներ, ինչպէս նաեւ Կազայի մէջ վերջին շաբաթներուն սպաննուած ՄԱԿ-ի Առևտուրի և զարգացման համաժողովի անդամներուն զոհողութիւնները։

Պապին կոչերը

Վատիկանի պատուիրակը իր խօսքին մէջ կրկնեց Ֆրանչիսկոս Պապին կոչերը՝ «Անյապաղ ազատ արձակելու Կազայի մէջ պահուած պատանդները» ինչպէս նաեւ « Ահաբեկչութիւն ու ծայրայեղականութիւնը կը հրահրեն ատելութիւն, բռնութիւն եւ վրէժ, պատճառելով փոխադարձ տառապանք»։

«Սուրբ Աթոռը կը պաշտպանէ ինքնապաշտպանութեան իրաւունքը եւ բոլոր կողմերը պէտք են պահպանել միջազգային մարդասիրական իրաւունքը, ներառեալ համաչափութեան սկզբունքը», ըսաւ Գերապայծառ Պալեսթրերոն։

Խաղաղութեան համար երկու պետութիւններու տարբերակը

Ի Վերջոյ արքեպիսկոպոս Պալեսթրերօ վերանորոգեց Ֆրանչիսկոս Պապին կոչը, որպէսզի «Բոլոր կողմերը անմիջապէս դադրեցնեն զէնքերու օգտագործումը», որովհետեւ «ամէն պատերազմ պարտութիւն է» եւ « Իսրաէլի եւ Պաղեստինի իշխանութիւնները քաջութեամբ վերանորոգեն արդարութեան վրայ հիմնուած խաղաղութիւնը յարգելով երկու կողմերու օրինական ձգտումները»։

Ժընեւի մէջ ՄԱԿ-ի եւ միջազգային կազմակերպութիւններու մօտ Վատիկանի դիտորդ, արքեպիսկոպոս ԷթթորԷ Պալեսթրերօ ելոյթը աւարտեց ընդգծելով որ «Երկխօսութիւնը միակ գործնական լուծումն է վերջ դնելու համար բռնութեան եւ հասնելու խաղաղութեան մը,  եւ Սուրբ Աթոռը որպէս վաւեր տարբերակ կը համարէ երկու պետութիւններուն լուծումը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/11/2023, 10:48